Հայ սիրտ (պարբերաթերթ)

«Հայ սիրտ» (Պոսթոն), գիտական, հասարակական, գրական, առողջապահական եւ մանկական եռամսեայ պարբերաթերթ:

Հայ սիրտ
Տեսակ պարբերաթերթ
Ժանր գիտական, հասարակական, գրական, առողջապահական եւ մանկական
Լեզու հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն
Երկիր Պոսթոն

Հրատարակուած է առաջին անգամ 1939-ին Պոսթոն եւ կը շարունակէ հրատարակուիլ մինչեւ օրս: Տարիներու ընթացքին հրատարակուած է տարբեր անունով, ինչպէս՝ «Հայ կարմիր խաչ» (1939-1946 ) եւ «Հայ օգնութեան միութիւն» (1946-1956): Հրատարակուած է հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաթերթն է: Հոն տեղ գտած են ՀՕՄ-ի տեղեկագիրները, միութեան մասնաճիւղերուն գործունէութեան նիւթեր եւ յօդուածներ, առողջապահական եւ բժշկական գրութիւններ, հայրենասիրական եւ  բարոյագիտական յօդուածներ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐ ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ 1850-1980»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2019-12-27։ արտագրուած է՝ 2022-01-24 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։