Հանրային գրապահարան
Հանրային գրապահարան, հասարակական վայրերու մէջ օգտագործուած գիրքերը պահելու յարմարանք, որպէսզի բոլորը հնարաւորութիւն ունենան այս գիրքերէն մէկ կամ քանի մը գիրքեր վերցնել անվճար օգտագործման համար կամ «փոխանակել» այլ գիրքերու հետ իրենց հայեցողութեամբ։ Հասարակական գրապահարաններու մասին գաղափարը առաջացած է 1990-ականներիու սկիզբը եւ վերջերս լայն տարածում կը ստանայ Գերմանիոյ, Ավստրիոյ, Զուիցերիոյ մէջ:
Պատմութիւն, նկարագրութիւն
ԽմբագրելՍկզբնապէս հանրային գրապահարանները հանրային վայրերուն մէջ ստեղծուած են, որպէս ինստալիացիա եւ տեղադրուած են որպես այդ արուեստի մաս, մասնաւորապէս լուսանկարիչներ Քլեգը եւ Գուտմանը 1990-ականներու սկիզբը: Նախ աւստրիական Գրացի մէջ, այնուհետեւ Գերմանիայի Համպուրկի եւ Մայնցի քաղաքներուն մէջ։ 1996 թուականին՝ համացանցի եւ գրքաշրջանառութեան արագ զարգացման ժամանակ, Քլեգի եւ Գուտմանի գաղափարը ընդօրինակած է դարմշտադտցի ուսանող Նիկոլաս Միւլլերը՝ որպէս փորձ տեղադրելով մշտական «բաց գրադարան», սկիզբը հայրենի քաղաքին, ապա նաեւ Հաննուէրի մէջ։ 2003 թուականին առաջին հանրային գրապահարանը (գերմաներէն՝ «öffentlicher Bücherschrank») յայտնուած է Պոնիի մէջ։ 2000-ականներու վերջերուն նման յարմարանքներ մեծ քանակով սկսան յայտնուիլ Գերմանիոյ քաղաքներուն մէջ, նաեւ փոքր քաղաքներուն մէջ։ 2010 եւ 2011 թուականներուն գերմանական օրինակով հանրային գրապահարաններ սկսան յայտնուիլ նաեւ Աւստրիոյ եւ Զուիգերիոյ մէջ։ Այս բոլոր պահարաններուն նպատակը մէկ է՝ իւրաքանչիւր ցանկացող կրնայ այնտեղ դնել ցանկացած գիրք (օրինակ, եթէ այն կարդացել է եւ իրեն այլեւս պէտք չէ), նաեւ կրնայ անվճար այնտեղէն վերցնել իրեն հետաքրքրած մէկ կամ քանի մը գիրքեր։ Միեւնոյն ժամանակ գոյութիւն չունի ինչ-որ քանակական, ժամանակային կամ այլ սահմանափակումներ. մասնաւորապէս, պահարանէն օգտուողը կրնայ վերցնել գիրքը ժամանակաւոր կամ ընդմիշտ, միեւնոյն ժամանակ ան կրնայ իր հերթին այդտեղ դնել այլ գիրք, իր սեփական հայեցողութեան համաձայն։