Հարոլտ Փինթըր (անգլերէն՝ Harold Pinter, 10 Հոկտեմբեր 1930(1930-10-10)[2][3][4][…], Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն[5] - 24 Դեկտեմբեր 2008(2008-12-24)[6][2][3][…], Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն[5]), բրիտանացի թատերագիր, բանաստեղծ, դերասան, հասարակական գործիչ։ Նոպէլեան մրցանակակիր, 2005 [10]։

Հարոլտ Փինթըր
անգլերէն՝ Harold Pinter
Նաեւ յայտնի է իբրեւ David Baron[1]
Ծնած է 10 Հոկտեմբեր 1930(1930-10-10)[2][3][4][…]
Ծննդավայր Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն[5]
Մահացած է 24 Դեկտեմբեր 2008(2008-12-24)[6][2][3][…] (78 տարեկանին)
Մահուան վայր Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն[5]
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Կրօնք Աթէիզմ
Ուսումնավայր Խօսքի եւ Թատերախաղի կեդրոնական դպրոց[7]
Դրամատիկական արվեստի թագավորական ակադեմիա?[8]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Սենյակը?, The Birthday Party?, The Dumb Waiter? եւ Խնամողը?
Մասնագիտութիւն թատերագիր, դերասան, ժապաւէնի բեմադրիչ, հեղինակ, գրագէտ, թատերական ռեժիսոր, բանաստեղծ, վիպասան, բեմադրիչ
Անդամութիւն Սերպեան գիտութիւններու եւ արուեստներու կաճառ, Պերլինի Գեղարուեստական Ակադեմիա, Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ, Արուեստի եւ գրականութեան ամերիկեան ակադեմիա եւ Թագաւորական գրական ընկերութիւն
Ամուսին Vivien Merchant?[9] եւ Antonia Fraser?[9]
Ծնողներ հայր՝ Jack Haim Pinter?[9], մայր՝ Frances Moskowitz?[9]
Երեխաներ Daniel Brand?[9]
Կայքէջ haroldpinter.org(անգլերէն)
Ամէնէն քաջարի եւ անխնայ գրագէտ։
- Սամուէլ Պէքէթ[11]


Աշխատութիւններ Խմբագրել

Սկսած իր առաջին՝ «Սենեակը» (1957) թատրերգութենէն Փինթըրի գրական գործունէութիւնը տեւած է աւելի քան 50 տարի, որ իր մէջ ամփոփած է 29 թատրերգութիւններ, 27 բեմագրութիւններ, կատակերգութիւններ, ռատիոյի եւ հեռուստացոյցի համար ներկայացումներ, բանաստեղծութիւններ, վէպ մը, պատմուածքներ, էսսէներ, նամակներ։

Մրցանակներ եւ կոչումներ Խմբագրել

Ունի Բրիտանական կայսրութեան ասպետի կոչում, ստացած է բազմաթիւ գրական մրցանականեր, ինչպէս՝ Քաֆքայի, Փիրանտէլոյի, Շէյքսփիրի պարգեւներ, Լոուրենս Օլիվիէի անուան թատերական մրցանակ, «Մոլիեր» ֆրանսիական մրցանակ, եղած է բազմաթիւ եւրոպական համալսարաններու պատուաւոր դոկտոր։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել