Հելեն Կահական Տուկլաս

Հելեն Կահական Տուկլաս (անգլերէն՝ Helen Gahagan Douglas), (25 Նոյեմբեր, 1900 - 28 Յունիս, 1980) ամերիկացի դերասան եւ քաղաքական գործիչ։

Հելեն Կահական Տուկլաս
անգլերէն՝ Helen Gahagan
Ծնած է 25 Նոյեմբեր 1900(1900-11-25)[1][2][2][…]
Ծննդավայր Boonton, Մորիս շրջան, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 28 Յունիս 1980(1980-06-28)[1][2][2][…] (79 տարեկանին)
Մահուան վայր Memorial Sloan Kettering Cancer Center, Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[3]
Կրթութիւն Բերնարդ քոլեջ?
Berkeley Carroll School?
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն դերասանուհի, քաղաքական գործիչ, թատրոնի դերասանուհի, կինոդերասանուհի
Ծնողներ հայր՝ Walter H. Gahagan?
Ամուսին(ներ) Մելվին Դուգլաս?
Պարգեւներ եւ մրցանակներ Հոլիվուդյան փառքի ծառուղու աստղ?

Ան  յաջող ասպարէզ կ'ունենայ Պրոտուէյի մէջ` իբրեւ օփերային երգչուհի: Հելեն Տուկլաս գլխաւոր դերը կը ստանձնէ 1935-ին նկարահանուած «Ան» շարժապատկերին մէջ, ուր չարագործի կերպարը կը ներշնչէ Տիզնիի չար թագուհիին «Ձիւնաթոյրը եւ եօթը թզուկներ» ժապաւէնին մէջ (1937): Քաղաքականութեան մէջ ան Քալիֆորնիայէն Քոնկրեսի մէջ կ'ընտրուի երրորդ կինն ու առաջին դեմոկրատ կինը, որուն ընտրութիւնը Քալիֆորնիան կը դարձնէ առաջին երկու նահանգներէն մէկը (Իլինոյի հետ), որ երկու կուսակցութիւններէն ալ կ'ընտրէ Ներկայացուցիչներու տան կին անդամներ:

1950-ին Քալիֆորնիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի ընտրութեան ան չի յաջողիր` պարտուելով հանրապետական Ռիչըրտ Նիքսընէն: Քարոզարշաւը կը դառնայ ժամանակակից քաղաքական կծու քննադատութեան եւ ցեխարձակումի  խորհրդանիշ, քանի որ անոր ե՛ւ հիմնական հակառակորդը` Մանչեսթըր Պոտին, ե՛ւ Նիքսընը զայն կ'անուանէին «մինչեւ ներքնազգեստը վարդագոյն»` ակնարկելով համայնավարներուն հանդէպ անոր ունեցած համակրանքին: 1920-ականներու Պրոտուէի այս դերասանուհին (եւ 1935 թուականի «Ան» ժապաւէնի աստղը) պատմութիւն կը կերտէ իբրեւ առաջին դեմոկրատ կինը, որ կ'ընտրուի Քոնկրեսի անդամ Քալիֆորնիա նահանգէն:

Ան կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ 1945-1951 թուականներուն եւ կը զօրակցի կիներու եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն[4]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել