Հիպա Սելիմ (1947 - 1974), եգիպտացի լրտես, ով իր փեսացուի՝ Ֆարուք Ալ-Ֆիքքի հետ աշխատած է Մոսատի համար: Ծագումով Միջին Եգիպտոսի Ասիւտ քաղաքէն է, մեծցած է Գահիրէի վերին դասի Մոհանտիսին արուարձանին մէջ։ Սորուած է արուեստի ֆակուլտետին մէջ, մասնագիտացած ֆրանսերէն լեզուն: Հիպա Սելիմի ֆրանսիացի ուսուցիչներէն մէկը առաջարկած է անոր ուսումը շարունակել Սորպոնի մէջ։ Փարիզի մէջ Սելիմը ապրած է եգիպտական ընտանիքի հետ եւ յաճախ հիւրընկալած է Եգիպտոսի դեսպանի տանը: Եգիպտական հեռուստատեսութեամբ 2010-ին դեսպանը անոր նկարագրած է որպէս գրաւիչ, ուրախ, պայծառ ու հայրենասէր անձնաւորութիւն: Ան նաեւ նշած է, որ Սելիմը ֆինանսապէս պայքարի մէջ էր, քանի որ Փարիզի մէջ Եգիպտոսի դեսպանատանը աշխատանք չէր կարողացած գտնել: Յետագային ան կ՛օժանդակէ Սելիմի Լիպիայով Եգիպտոս վերադառնալուն՝ յօրինելով հօր հիւանդութեան մասին պատմութիւն[1]:

Հիպա Սելիմ
արաբերէն՝ هبة سليم
Ծնած է 1947
Մահացած է 1974
Քաղաքացիութիւն  Եգիպտոս
Մայրենի լեզու Եգիպտական արաբերէն
Ուսումնավայր Այն Շամս Համալսարան
Մասնագիտութիւն Հետախոյզ

Ապրած է շքեղ կեանքով իր ընտանիքի առանձնատանը Ալ-Ճազիրա բարձր տեխնոլոգիական արուարձանէն ներս: Անդամակցած է նոյնանուն ակումբին: Հիպան դեռ քսան տարեկան չկար, երբ բարձրագոյն դպրոցի պիպլոմ ստացաւ եւ մէկ տարի անց հօրը, ով կրթութեան նախարարութեան գործակալ էր, խնդրեց եւ պնդեց ուսումը շարունակել Փարիզի մէջ։ Հայրը առանց երկմտելու կը համաձայնի՝ չմտածելով, թէ ինչ սորվելու է Փարիզի մէջ։ Սկիզբը ան այնտեղի դեսպանատանը կը դիմէ աշխատանքի համար, սակայն կը մերժուի: Ֆրանսիական համալսարանի փրոֆեսորը համոզեց անոր միանալ ֆրանսայի Սորպոնեան համալսարանին, ֆրանսերէնի ուսումնասիրութիւնն աւարտելու համար: Սա մեկնարկային կէտ էր։ Հիբան մէկ անգամ պատմում է իսրայելցի Մոսադի սպային Ալլահ Ֆրանց Ֆաբուկ Աբդուլ-Համիդ ալ-Ֆաքիի մասին, որ Եգիպտոսի բանակի սպայ էր՝ ցոյց տալով իր հիացմունքը: Մոսսատի կողմէ հաւաքագրուելէ յետոյ ան կ՛ամուսնանայ Եգիպտոսի բանակի սպայ, ինժեներ Ֆարուք Ալ-Ֆիքքիի հետ եւ հակաօդային մարտկոցներու վայրերու մասին տեղեկութիւններ կը հաւաքէ անոր միջոցով: Յետագային ան տեղեկացաւ եւ պատրաստակամօրէն մասնակցեցաւ անոր լրտեսական գործունէութեան: Իսրայէլը բազմաթիւ ճշգրիտ հարուածներ հասցուցած է եգիպտական կողմին: Իսրայէլական հարուածները այնքան ճշգրիտ էին, որ եգիպտական կողմը համոզուեցաւ, որ պէտք է ներգրաւեն ներհամայնքային լրատուամիջոցները: Ի վերջոյ, Ֆարուք Ալ-Ֆիքքին բռնուած եւ մահապատժի ենթարկուած է: Եգիպտացիները, սակայն, որոշ ժամանակ ետք որոշեցին օգտագործել անոր որպէս կրկնակի գործակալ: Բացի այդ անոր չեն ձերբակալել, Հիպա Սելիմը թողեց այնպիսի տպաւորութիւն, որ իրենց լրտեսական գործունէութիւնը չէ վտանգուած:

Դատավարութիւն եւ մահապատիժ

Խմբագրել

Հեպան եւ անոր ամուսինը վերջապէս կը ձերբակալուին: Ան դատարանին մէջ մեղադրուած է հայրենիքի դաւաճանութեան համար: Անոնք երկուքն ալ դատապարտուած են մահուան: Հետոյ սպառելով բոլոր վերաքննիչ ուղիները, ինչպէս՝ նախագահ Անուար Սատաթի միջնորդութեամբ ներման խնդրագիրը, Հիպան դատապարտուած է կախաղան բարձրացուելու՝ կախուելով դատավարութիւնէն ետք, երբ ան խոստովանեցաւ իր յանցագործութիւնը քաղաքացիական դատապարտեալներու օրէնքով սահմանուած կարգով: Իսկ Ալ-Ֆիքքին գնդակահարուած է, քանի որ ան Եգիպտական բանակի սպայ եղած է, եւ նման դատավճիռը սահմանուած էր Եգիպտոսի ռազմական օրէնքով[2]:

Հիպա Սելիմի մասին նկարահանուած է Al sood ila al haweyah (Անդունդը մագլցելով) Եգիպտական ֆիլմը: Եգիպտական կինոյի բնորոշ գծերէն է, երբ ֆիլմի վերջը Ապլան (Հիպա Սելիմի անունը ֆիլմին մէջ) Լիպիայի մէջ գերուած եգիպտացիներուն կ՛ուղեկցի Եգիպտոս: Երբ ինքնաթիռը կը մօտենայ Գահիրէի օդակայանին, անոր ուղեկցող հետախոյզը ցոյց կու տայ բուրգերը եւ Նեղոսը, յետոյ շատ դատապարտող տօնով կ՛ըսէ. «we heya dee Masr ya abla» (Եւ աս Եգիպտոսն է, Ապլայ):

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել