Հնդկահայ Գաղափարախօսներ
Գրեթէ երկու դար տեւած ազատագրական շարժումը ԺԷ. դարու վերջին քառորդին կը ստեղծէ իր գաղափարախօսութիւնը, որուն ականաւոր ներկայացուցիչներն են հնդկահայ գաղութի լուսաւորիչներ Մովսէս Բաղրամեան եւ Շահամիր Շահամիրեան։
Մովսէս Բաղրամեան իր «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ» գիրքին մէջ (1772, Մատրաս) յառաջ կը քաշէ ազատագրական պայքարով անկախ հայրենիք ստեղծելու գաղափարը։ Ան խանդավառ է հայոց քաղաքական վերածնունդի յոյսով, բայց պայման կը նկատէ զինեալ պայքարը եւ հայրենիքին համար զոհուելու պատրաստակամութիւնը.
Պէտք է որ ազգին մէկ մասը միւսին համար գլուխը դնէր, քան թէ թոյլ տար, որ ամբողջ ազգը ծառայ եւ ստրուկ դառնար օտարին…։ - Մովսէս Բաղրամեան
|
Լէօն Մ. Բաղրամեանը կը նկատէ հայ քաղաքական գրականութեան հիմնադիր։
Շահամիր Շահամիրեան իր «Գիրք անուանեալ որոգայթ փառաց» գիրքին մէջ կը ներկայացնէ ապագայ ազատ Հայաստանի պետական վարչակարգը, օրէնսդրութեան նախագիծը, ամենակարեւորը նկատելով քաղաքացիի ազատութիւնը։
Հայաստանի համար ան կը նախատեսէր հանրապետական վարչակարգ, ուր ժողովուրդը կը տնօրինէ իր բախտը («Ազգն հայոց բոլորովին լինիցին թագաւոր»)։ Յիշեալ երկերը յղացուած էին ոչ միայն Հայաստանի մէջ յաճախակի բռնկող ապստամբութիւններու ազդեցութեան տակ, այլ նաեւ մեծապէս ազդուած ֆրանսական մեծ յեղափոխութիւնը նախապատրաստող ֆրանսացի լուսաւորիչներու գաղափարներէն։ Յիշեալ ծրագիրը խանդավառութեամբ կ՛ընդունուի հայոց մեծաց կողմէ եւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի միջոցաւ կը ներկայացուի ռուս թագաւորին։ Բնականաբար միահեծան ինքնակալը կը մերժէ հանրապետական Հայաստանի ծրագիրը, աւելին՝ կ՛արգիլէ գիրքին հրատարակութիւնը կայսրութեան մէջ, որով մասամբ կը պաղեցնէ հայոց ռոմանթիք խանդավառութիւնը։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Հայկական Համառօտ Հանրագիտարան, 4 հատոր, ՀԽՀ գլխ. խմբ, 1990-2003թթ., Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութիւն ՊՈԱԿ, 2003