Հրայր Սարգիսեան
Հրայր Սարգիսեան (ծնած 1973-ին), Դամասկոս ծնած լուսանկարիչ մըն է։ Իր երկը ընդհանուր ձեւով մտածելու առիթ կու տայ որոշ նիւթերու մասին, մանաւանդ պատմութիւն ու քաղաքականութիւն[1]։ Կը ներշնչուի իր ծննդավայրին վերաբերուող յիշատակներով ու հարցերով։
Հրայր Սարգիսեան | |
---|---|
Ինքնադիմանկար (Հրայր Սարգիսեանէն) | |
Ծնած է | 1973 |
Ծննդավայր | Դամասկոս |
Մասնագիտութիւն | Լուսանկարիչ |
Կայքէջ | hrairsarkissian.com |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄանկութիւն եւ Ուսում
ԽմբագրելՀրայր Սարգիսեանը լուսանկարչութիւնը առաջին անգամ փորձեց իր հօրը հետ, որ արդէն լուսանկարչութեամբ կը զբաղէր։ Հոն իր ամբողջ մանկութեան արձակուրդները անցուց, եւ 12 տարի ալ լիաժամ աշխատեցաւ դպրոցը աւարտելէ ետք։ 2010 թուականին Ամսթերտամի Ժէրիդ Րիդվիլտ ակադեմեան աւարտեց լուսանկարչութեան ճիւղին մէջ։ 2011 թուականէն ի վեր կ՚ապրի եւ կ՚աշխատի Լոնտոն։
Երկեր
ԽմբագրելՈճը
Խմբագրել«Լուսանկարչութիւնը ինծի համար միջոց մըն է պատմութիններ պատմելու, որոնք անմիջականօրէն չենք տեսներ. աւանդական լուսանկարչութեան գիտարուեստներ եւ գործիքներ գործածելը կ՚արտօնէ որ ընդարձակ ու խստամբեր պատկերներ ստեղծեմ։
Տեսարաններուն անփոփոխութիւնն ու գեղեցկութիւնը, սակայն, հակադրութեան մէջ են իրենց վերաբերուող ընկերական եւ պատմական հարցերով. լուսանկարչութիւնն իմ գործիքն է իմ անձնական յիշատակներուն եւ անցեալին հետ կապուած պատասխաններ փնտռելու, եւ այդ տեսակետը կը գործածեմ աւելի լայն պատմութիւններ փոխանցելու, որ պաշտօնական պատմաբանները չեն յաջողած կամ չեն ուզած պատմել։ Կը փորձեմ դիտողին առիթ տալ աւելի խորը փնտռելու թէ ի՞նչ կայ պատկերին մակերեսին տակը, այդպիսով՝ իր ընդունուած պատմական եւ ընկերային գաղափարները ետ կշռելու։ Երբ դիտողը անդրադառնայ գործիս մէջ գտնուող այդ անտեսանելի տարրերուն, լուսանկարին ֆիզիքական իրականութիւնը արդէն կը կործանի։ Մահապատիժի հրապարակներուն ճարտարապետական ոճն ու շրջակայքն ալ հաշուի չեն առնուիր, երբ երեւակայենք կախամահ մարմինները: Գրադարաններուն անշարժ մթութիւնը կը լեցուի երբ անդրադառնաս այդ արխիւներուն տակը գտնուող պատմական բարդութիւններուն[2]»:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ ««Գործերուս Մէջէն Կ՛ուզեմ Ցոյց Տալ Անտեսանելիներուն Տեսանելիութիւնը». Հրայր Սարգիսեան»։ #ArazOrya։ 2017-07-09։ արտագրուած է՝ 2023-10-16
- ↑ Hrair Sarkissian