Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նշանակը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանակը, միութիւնը խորհրդանշող նշանակը:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել
  • Մտայղացումն է Ստեփան Ակայեանի։
  • Շրջանակաձեւ նշանակին կեդրոնը տեղ գտած են զոյգ Մասիսները, որոնց մէջէն կը ծագի արեւը։
  • Լեռներու ստորոտէն եւ Արարատեան դաշտի մէջէն կը հոսի Արաքս գետը։
  • Շրջանակին շուրջը, արտաքին շրջանակի մը մէջ, վերի կողմը արձանագրուած է «Բարձրացի՛ր», իսկ վարի կողմը՝ «Բարձրացո՛ւր»։
  • Մասիսները խորհրդանիշն են մեր ժողովուրդի վեհութեան, անմահութեան եւ անսասան հաւատքին։
  • Գետը հայոց պապերուն թափած արիւնն է, յանուն ազատութեան եւ անկախութեան։
  • Արեւը ապագայ սերունդներն են, որոնք երջանիկ օր մը պիտի լուծեն թափուած արեան վրէժը՝ ի խնդիր ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումին։
  • Նշանակը առաջին անգամ հրապարակուած է «Հայ սկաուտ» թերթի 1 Յունուար 1920-ի թիւին կողքին վրայ, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ ան որդեգրուած է 1919-ի ամրան կամ աշնան։
  • Հ.Մ.Ը.Մ.ական իւրաքանչիւր արի, արենոյշ, երէց եւ պարմանուհի իր գլխարկին վրայ կը կրէ միութեան նշանակը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել