Ղատամիս կամ Կետամ (պերպերերէն՝ ʕadémis, արաբ․՝غدامس, Լիպիոյ արաբ․՝ɣdāməs, լատին․՝ Cidamus, Cydamus, իտալ․՝Gadames)․ արեւմտեան Լիպիոյ քաղաք-ովասիս։ Կը գտնուի Թրիփոլիէն 340քլ․ հարաւ-արեւմուտք, Ալճերիոյ եւ Թունուզի սահմաններուն մօտ։ Հին քաղաքը 1986-ին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։ Իսկ 2016-ին արձանագրուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային Վտանգուած Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։

Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան
Ղատամես
غدامس,ʕadémis (պերպերերէն)
Ղատամես, հին քաղաքը
Երկիր Լիպիա
Շրջան հիւսիսային Ափրիկէ
Տարածութիւն 38,4 հեկտար
ԲԾՄ 357 մեթր
Պաշտօնական կայքէջ ghadames.com

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Ղատամիս անունը լառաջացած է Լիպիոյ Ֆեզան շրջանի հին պերպեր Թիտամեսի ցեղախումբէն։ Կ՛ենթադրուի թէ Թիտամեսի անունը հռոմէացիներուն կողմէ աղաւաղուած է եւ տուած է այսօրուան Ղատամիս անումը։

Քաղաք-ովասիսի բնակչութեան թիւը 10 000 է եւ բաղկացած է գլխաւորաբար պերպերներէ (հիւսիսային Ափրիկէի բնիկ ժողովուրդ)։ Պարիսպով պատսպարուած հին քաղաքը յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։ Եօթը ցեղախումբեր կը բնակին հին քաղաքին մէջ եւ իւրաքանչիւրը ունի իր շրջանը։

 
Հին քաղաք-ովասիսին բնակարան մը․ճարտարապետական կառոյցը կիզիչ տաքը կ՛առանձնացնէ եւ բնակելու պայմանները աւելի նպաստաւոր են

1970-ական թուականներուն, Լիպիոյ կառավարութիւնը հին քաղաքին շուրջը նոր բնակարաններ կը կառուցէ եւ կը բնակեցնէ։ Սակայն բնակիչներուն մեծ մասը ամառուան շրջանին հին քաղաքը կը վերադառնան, որովհետեւ քաղաք-ովասիսի հին բնակարաններուն ճարտարապետական կառոյցը կիզիչ տաքը կ՛առանձնացնէ եւ բնակելու պայմանները աւելի նպաստաւոր են։

Կլիման անապատի յատուկ է, երկարատեւ ամառներով եւ կարճատեւ մեղմ ձմեռներով։

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Ղատամեսի մասին առաջին արձանագրութիւններու կը հանդիպինք հռոմէական շրջանին։ Հռոմէական անունը Կիտամուս էր։ Բիւզանդական ժամանակաշրջանի առաջին դարերուն ընթացքին քրիստոնեայ դարձած բնակչութիւնը Է․ դարուն մահմետականութիւնը կ՛ընդունի երբ արաբները քաղաքը կը գրաւեն։

Մինչեւ ԺԹ․ դարուն, Ղատամես Սահարայի շրջանի առեւտուրի գլխաւոր կեդրոնը եղած է։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել