Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Տէր Նահապետեան
Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Տէր Նահապետեան ծնած է Մարաշ, 1853 թուականին։ Կը սերի քահանայական գերդաստանէ։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Մարաշի Ազգային Վարժարանը։ 1873 թուականին, երբ Տ. Եղիշէ Վրդ. Գազանճեան Պոլիսէն Մարաշկու գայ առագելութեամբ մը, կը հաստատէ մասնաւոր գրաբար լեզուի դասընթացք, որուն կը հետեւի եւ մեծապէս կ'օգտուի երջանիկ եւ հետագային՝ ինքնաշխատութեամբ ու ընթերձումներով աւելի կը խորացնէ իր գրաբարագիտութիւնը։ 1847 թուականին, իբրեւ պատրաստուած երիտասարդ, ան կրօնի դասատու կը նշանակուի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վարժարանին մէջ։ Ուսուցչութեան կողքին՝ մօտէն կը հետեւի մեր եկեղացական ազգային կեանքի իրադարձութիւններուն եւ յարաբերութիւններ կը մշակէ ազգայիններու հետ։ Ժամանակի ընթացքին, աղատասիրութեան, հայրէնասիրութեան եւ ազգասիրութեան գաղափարները իր մէջ խմորուելով ու մեծնալով կը կրտնեն գաղափարական մարդը։ Ամուսնանալէ ետք, մաս կը կազմէ ազգային ու գաղափարական գործերուն ու շարժումներուն։ Օր ըստ որէ իր մէջ կը շեշտուի յեղափոխական ոգին։ Ազգային կեանքին մէջ տարած աշխատանքն ու նուիրածութիւը՝ ազգայիններուն ու կաթողիկոսին աչքէն չեն վրիպիր։ Ազգայիններու եւ հայրենակիցներուն փափաքով քահանայական թեկնածու կ'ընտրուի։ 1880 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ. մկըրտիչ Քէֆիսզեան Կաթողիկոսի ձեռամբ՝ քահանայ կը ձեռնադրուի Մարաշի մէջ, վերակոչուելով Տէր Ղեւոնդ։ Նորընծայ Տէր Հայրը քառասունօրեայ պատրաստութեան շրջանե բոլորելէ ետք, իր հայրենակիցներուն հոգեւոր հովիվ կը նշանակուի։ Կը սկսի քահանայագործել Մարաշի մէջ։ Իր յեղափախական նկարագրով, գրաւիչ լեզուով, մտածելակերպով ու գործունէութեամբ, մեծ տպաւորութիւն կը թողու իր ժողովուրդին վրայ։ Ան աւելի աղատ ու անկաշկանդ կը տարածէ ազատութեան, արդարութեան ու իր տառապող ժողովուրդին իրաւունքներն պաշտպանելու եւ պահանջելու գաղափարները։ Իր հովուական կեանքը յիշել կու տայ 5րդ դարու յեղափոխական Ղեւոնդ Երէցը, եւ արդէն նպատահական չէ եղած իր քահանայական անունի ընտրութիւը։ Իր առաջին յեղափոխական գործունէութիւնե կ'ըլլայ 1892 թուականին, Զէյթունի ապստամբութեան կազմակերպական իր մասնակցութիւնը։ Թրքական բանակը կը կալանաւորէ զինք ու իր յեջղափոխական ընկերները ու կը բանտարկէ Հալէպի մէջ։ Սակայն, շնորհիւ ազդեցիկ մեծ անձնաւորոթիւններու միջամտութեան, ազատ կ'արձակուի ու կե վերադառնայ Մարաշ։
Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Տէր Նահապետեան | |
---|---|
Ծնած է | 1853 |
Ծննդավայր | Մարաշ |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Երեք տարը ետք, 1895 թուականին, աւելի մեծ տարողութեամբ տեղի կ'ունենայ Զէյթունիապստամբութիւնը, որուն մէջ կրկին դեր կ'ունենայ Սէր Ղեւոնդ։ 50000 նոց Թրքական բանակի հրամանատար՝ Մուսատաֆա Րէզմի փաշա բաւական յոգնելէ ետք կը ձերբակելէ Տէր Ղեւոնդն անլուր խժդժութիւններու ենթարկելէ ետք բոլորը, որպէս յեղափոխական, ցկեանս բանտարկութեան կը դատապարտէ։ Այս Թրքաբարոյ վերաբերումը պատճառ կ'ըլլայ, որ Մարաշի եւ ամբողջ Հայ զանգուածի կրօնական ու աշխարհական դասուն մէջ յուզումի եւ պոռթկումի ալիք մը բարձրանայ Թուրք պետութեան դէմ։ Այս իրավիճակէն դուրս գալու համար մեծ կ'ըլլայ Օրմնաեանպատրիարքի դերը, որ իր ճկուն լեղուով, յարատեւ ջանքերով ու միջամտութեամբ կը յաջողի համողել Թուրք պետութիւնը եւ ազատ արձակել տալ Տէր Ղեւոնդն ու 48 ուրիշ յեղափոխական բանտարկեալներ, բայց Մարաշէն Հեռանալու պայմանով։ Բարեկամներու միջոցով, Տէր Հայրե կը փոխադրուի Կիպրոս, ուր վեց ամիս մնալէ ետք, Երուսաղէմի ճամբով 1896 թուականին կու գայ կը հաստատուի Հալէպ։
Բերիոյ Թեմի կրօնական ժողովի տնօրինութեամբ ան հոգեւոր հովիվ կը նշանակուի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ, ուր կը պաշտօնավարէ 16 տարի։ Նոյն ազգային ոգիով, եռանդող ու նուիրումով կը ծառայէ իր եկէղեցիին ու հօտին եւ իր վարք ու բարքով կը յարգուի ժողովուրդէն։ Ծննդավայրի ու Հայրենակիցներու կարօտը զինքք կ'անհանգըստացնէ։ Ան ամէն դժուարութիւն նկատի առնելով կը վերադառնայ Մարաղ։ Քանի մե տարի ետք, կը պայթի Ա. Աշխարհամարտը։ 1915 թուականին մեծ եղոնին, Թուրքերը.երբ Մարաշի տեղահանութեան կը ձեռնարկեն, առաջին հերթին կը ձերբակալուի Տէր Ղեւոնդ ու կալանաւոր կը քշուի դէպի Հալէպ։ Բայց իր զաւկին՝ բժիշկ Յովհաննէսի միջամտութեամբ կը փրկուի Սէր Զօրի սպանդէն։ Այնուհետեւ, բարեկամներու ոգնութեամբ՝ իր հետքը կորսնցընելու կը էտեղաբոխուի Աղեքսանդրիա եւ թեմի առաջնորդ՝ Տ Թորգոմ Արք. Գուշակեանի տնորինութեամբ պաշտօնապէս քահանայ կը նշանակուի Գահիրէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Իր հեղահամբոյր նկարագրով շուտով կը շաղուի իր նոր հօտին հետ եւ կը սիրէ ու կը սիրուի իր ժողովուրդէն։ Տարիներ ետք, տեղւոյն եկեջացական ազգային պատասխանատուներն ու մանաւանդ մարաշցի հայրենակիցները նկատի առնելով Տ. Ղեւոնդին յիսուն տարիներու կը անձնուէր ծառայութիւնը Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին, կը կազմակերպեն յորելենական հանդիսութիւն մը։ 1930 թուականին իր քահանայութեան յիսնամեայ յոբելեանր կր տօնուի եւ այս առիթով կր մեծարուի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ համեստ հոգեւորականը հոգեւորականը՝ հայ քահանան։ Եգիպտահայ գաղութին օրինակը վարակիչ դառնալով՝ Տէր Հօր յոբելեանր կր նշուի նաեւ Սուրիոյ, յունաստանի եւ հեռաւոր Ամերիկայի մարաշցի Գաղութներուն կողմէ։ Տէր Ղեւոնդ կը մահուան Գահիրէի մէջ, 1943 թուականին։ Մեծ շուքով տեղի կ՚ունենայ թաղման ու վերջին օծման արարողութիւնը։ Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւնը աջահամբոյրով իր վերջին յարտանքի տուրքը կը կատարէ։ Դամբանականով մը իր արժանիքներն ու գործունէութիւնը վեր առնելէ ետք, մարմինը կ'ամփոփեն Ազգ. Գերեզմանատունը։ Առ ի գնահատանք տարիներու իր բարւոք ծառայութեան,1910 թուականին, աւագութեան աստիճան եւ պատիւ կը կը շնորհուի իրեն Սահակ Բ. կաթՈՇԻԿՈՍԷՆ։ իսկ 1931 թուականին, դարձեալ նոյն Վեհափառ Հայրապետէն՝ յիսնամեայ յոբելեանի առիթով, յատուկ կոնդակով մը՝ լանջախաչ կրելու արտօնութիւն[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ38։