Ճիհան Իպրահիմ (նաեւ Ճիճի Իպրահիմ, անգլ.՝ Gigi Ibrahim, արաբ․՝ جيجي إبراهيم‎‎, 12 Փետրուար 1988, ԼոնԿ Պիչ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), սոցիալիստական շարժման եգիպտացի ակտիվիստ, լրագրող եւ պլոկեր: Ան «քաղաքացիական լրագրողներու» նոր սերունդի վառ ներկայացուցիչն է, որ 2011-ի Եգիպտական յեղափոխական իրադարձութիւններու ընթացքին ընկերային կայքերը օգտագործած է Թահրիրի հրապարակին մէջ տեղի ունեցող դէպքերու մասին տեղեկացնելու համար:

Ճիհան Իպրահիմ
արաբերէն՝ جيهان إبراهيم
Ծնած է 12 Փետրուար 1988(1988-02-12) (36 տարեկան)
Ծննդավայր ԼոնԿ Պիչ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Եգիպտոս
Ուսումնավայր Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարան
Գահիրէի Համալսարան
Մասնագիտութիւն լրագրող, իրաւապաշտպան, գրագէտ
Կուսակցութիւն Revolutionary Socialists?

Գործունէութիւն

Խմբագրել

14 տարեկանէն ապրած է ԱՄՆ-ի մէջ (2002-2008 թուականներուն), ուր մասնակցած է հակապատերազմական բողոքներուն, ներգաղթի մասին օրէնքին դէմ հանդէս եկող եւ ոստիկաններու կողմէ հետապնդուող գաղթականներուն օգնող խումբի գործունէութեան: Աւարտած է Գահիրէի ամերիկեան համալսարանը[1]՝ ստանալով գիտական աստիճան «քաղաքագիտութեան» բնագավառին մէջ[2]:

Մինչեւ համալսարան ընդունուիլը Ճիճի Իպրահիմը առնչութիւն չէ ունեցած աշխատաւորներու շարժման եւ ընդդիմութեան բողոքներու հետ: Ան «ձախ» շարժման մէջ ներգրաւած է «Սոցիալական մոպիլիզացիան ավտորիտար վարչակարգի պայմաններուն» դասախօսութիւններու շնորհիւ, որ կը կարդար լրագրող եւ ակտիւիստ-տրոցկիստ Հոսսամ էլ-Համալաւին[3]: Վերջինս յետագային դարձաւ անոր ամուսինը:

Անդամակցելով Միջազգային սոցիալիստական միտում քլիֆեան ինտէրնացիոնալի «Յեղափոխական սոցիալիստներ» եգիպտական բաժանմունքին՝ Ճիճի Իպրահիմը մասնակցած է 2009-2010 թթ. քաղաքական ցոյցերուն[4]: Եղած է 25 Յունուար 2011-ին Թահրիրի հրապարակի հաւաքի նախաձեռնողներէն: Այն կատալիզատոր կը ծառայէր Հոսնի Մուպարաքի դէմ զանգուածային ժողովրդական շարժման համար:

Միեւնոյն ժամանակ ան քննադատած է Ուաէլ Ղունէյմի նման ընդդիմադիր ակտիւիստներուն՝ նախագահի պաշտօնանկութեան մասին յայտարարութիւնէն ետք ժողովուրդին ոգեւորութեան կոչ ընելով[5] եւ պահանջելով համակարգային փոփոխութիւններ Եգիպտոսի սոցիալ-տնտեսական ու քաղաքական համակարգերուն, ոստիկանութեան կամայականութիւններու դադարեցում եւ ձեռնարկութիւններու յանձնում աշխատաւորներուն:

Ճիճի Իպրահիմի եւ շարք մը «ֆեյսբուքեան յեղափոխականներու»՝ որպէս «Թահրիրի հրապարակի լիտերներու» լուսանկարները տեղադրուած են «Թայմ» ամսագրի շապիկին[6]: Յետագային Ճիճի Իպրահիմը իր համերաշխութիւնը արտայայտած է արտասահմանին մէջ տեղի ունեցող սոցիալական շարք մը շարժումներուն, մասնաւորապէս, Մեծ Բրիտանիայի մէջ մասնակցած է ուսանողական ցոյցերուն:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «WebCite query result»։ www.webcitation.org 
  2. «WebCite query result»։ www.webcitation.org 
  3. «Egyptian activist on The Daily Show - Bikya Masr» 
  4. «WebCite query result»։ www.webcitation.org 
  5. «WebCite query result»։ www.webcitation.org 
  6. «WebCite query result»։ www.webcitation.org 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել