Ճորճ Թիւթիւնճեան
Ճորճ Թիւթիւնճեան (ծնած՝ 1930,ին Հալէպ, Սուրիա - մահ.՝ 7 Նոյեմբեր 2006, Մոնթրէալ, Քանատա) Ազգային եւ Յեղափոխական Երգերու Մեկնաբան: Ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ եւ մարզիկ:
Ճորճ Թիւթիւնճեան | |
---|---|
Անուն | Ճորճ Թիւթիւնճեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱն ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1930ին [1]: Զաւակն է երաժիշտ ծնողներու, որոնք երաժշտութեան սէրը փոխանցած են Ճորճին:
Ճորճ Թիւթիւնճեան հաւատացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարախօսութեան եւ գործած է «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանի ոգիով: 1960ական թուականներէն սկսեալ, ան իր յեղափոխական երգերով մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց յատկապէս պատանի եւ երիտասարդ սերունդին մօտ: Ճորճ Թիւթիւնճեանի երգելու ոճը կը համապատասխանէր պատանեկան միութիւններու մէջ սորված երգերուն [2]:
Հալէպի մէջ, Ճորճ Թիւթիւնճեան եղած է առաջին հայերէն երգող երգիչներէն: Ան կ’երգէր Սայեաթ Նովայէն, Կոմիտասէն, Աշուղ Ջիւանէն:
1986ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Մոնթրէալ, ուր շարունակած է երգել եւ այդպիսով սատարել հայ մշակոյթին:
Մինչեւ իր մահը՝ 7 Նոյեմբեր 2006,[1] ան իր երգերով շարունակեց սատարել հայ մշակոյթին, փառաբանելով մեր ազգի հոգեկան եւ բարոյական արժէքները, մղիչ ուժ հանդիսանալով հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
Առաջին երգահանդէսը Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ
ԽմբագրելՃորճ Թիւթիւնճեան 1976-ին, Լիբանանի Ուրֆայի հայրենակցական միութեան հրաւէրով Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ ունեցաւ իր առաջին երգահանդէսը զուտ յեղափոխական երգացանկով: 2000 աթոռ հաշուող «Գերմանիկ» սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր, եւ խանդավառութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին: Բեմի վրայ արձանագրուած ձայներիզները շուտով հրապարակի վրայ էին եւ ամէն հայու տուներէն ու ինքնաշարժներէն յեղափոխական երգն էր, որ կը հնչէր: Ճորճ Թիւթիւնճեանի երգելու ոճը կը համապատասխանէր պատանեկան միութիւններու մէջ մեր սորված երգերուն: Այդ երգահանդէսի յաջողութենէն քաջալերուած` Ճորճ «ջուրի ճամբայ» ըրաւ Հալէպ-Պէյրութ գիծը: Քանի մը ամիսը անգամ մը կ՛այցելէր Պէյրութ եւ բեմի վրայ արձանագրուած ձայներիզները կը բազմապատկուէին [2]:
Խտասալիկներու հրապարակում
ԽմբագրելՃորճ Թիւթիւնճեան 2002ին հրապարակած է ազգային, յեղափոխական եւ տոհմիկ 60 երգեր պարփակող երկու խտասալիկ, բացատրելով.
Պարգեւ
ԽմբագրելԱն բազմիցս այցելած է Լոս Անճելըս եւ իր յեղափոխական երգերով խանդավառութիւն ստեղծած ազգային տօնախմբութիւններու ընթացքին: Իր վերջին այցելութեան, 2001ին, Փասատինայի մէջ տեղի ունեցած խրախճանքի մը առիթով, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն զինք պատուեց յուշամետալով, առ ի գնահատանք ազգային-յեղափոխական երգերու տարածման մէջ իր ունեցած վաստակին:
Ձայնագրութիւն Սկաւառակագրութիւն Discography
ԽմբագրելԵրաժշտական Տաղաւարի ձայնագրութիւններ Studio Albums
- 1983 Իմ Կտակը - Ապրիլ 24
- 2002 60-ամեակի տարեդարձը (4-CD set)
Կենդանի կատարումներու Ալպոմներ Live Albums:
- 1978 Կենդանի կատարում՝ Պէյրութ, Լիբանան «Արիւնոտ Դրօշ» Live In Beirut: Arunod Trosh
- 1988 Կենդանի կատարում Լոս Անճելըսի մէջ Live In Los Angeles
- 2005 Կենդանի կատարում՝ ՀամերգLive In Concert
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Azad-Hye George Tutunjian
- ARMENIAN SINGER
- Ոչ Եւս Է Յեղափոխական Երգերու Մեկնաբան Ճորճ Թիւթիւնճեան Archived 2020-07-27 at the Wayback Machine.