Մաթալա․ (յուն․՝ Μάταλα) գիւղ, կը գտնուի Կրետէի Իրաքլիօ քաղաքին 75 քմ․ հարաւ-արեւմուտքը։ Մաթալա հանրածանօթ կը դառնայ երբ 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն անոր քարանձաւներուն մէջ հիփիները կ՛ ապրին ու կը հիմնեն հիփիներու համայնքը։ Բնակիչներու եկամուտը նախապէս ձկնորսնութիւնն էր, իսկ այժմ զբօսաշրջիկութիւնը անոնց գլխաւոր եկամուտն է։

Մաթալային քարայրները
Մաթալա․ նկարուած քարայրէ մը
Մաթալա գիւղը

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Մաթալայի արուեստական քարանձաւները ստեղծուած են Նոր Քարէ Դարու շրջանին։ Կը կարծուի թէ իբրեւ գերեզման կը ծառայէին։ Մաթալան Մինոասեան Քաղաքակրթութեան շրջանին Ֆեսթոսի նաւահանգիստն էր։ Հոն է ուր նաւաբեկութեան կ՛ ենթարկուին Մենելաոսին նաւերը (Ոդիսական՝ γ 293)։ Հաւանական է թէ Ոդիսականին մէջ նշուած Նիսոս Νύσος հրուանդակն է (Քոմոս եւ Մաթալային մէջտեղը)։ Կը կարծուի թէ բաւական թիւով քարայրներ իբրեւ բնակարան գործածուած են, որովհետեւ ունին սենեակներ, աստիճաններ, պատուհաններ եւ դարաւանդներ։

 
Քարայրէ մը տեսարանը

Կորնթոս կը գրաւէ Մաթալան Ք․Ա․ 220-ին։

Հռոմէական տիրապետութեան շրջանին Մաթալա կը դառնայ Ղորթինային (յուն․՝ Γόρτυνα) Gortys նւահանգիստը։

Վենետիկեան արձանագրութիւններուն մէջ կը կոչուի Աստուածածնի Եկեղեցին (La Madonna di Matala)։

 
Մաթալայի հրուանդանը եւ քարայրները

Քարանձաւները հազարաւոր տարիներ պարապ կը մնան։ 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն հիփիներ կու գան եւ անոնց մէջ կ՛ ապրին ու կը հիմնեն հիփիներու համայնքը։ Սակայն, յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ ճնշումներուն տակ, Յունաստանի զինուորական կառավարութիւնը հիփիները Մաթալայէն կը վռնտէ։

Մաթալայի քարայրները վերջնականապէս կը փակուին 1977-ին։ Այժմ Մաթալա ամէն տարի հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ՛ այցելեն։ Իսկ 2011-էն, ամէն ամառ՝ Յունիս ամսուն, երեք օրուան համար տեղի կ՛ ունենայ «Մաթալա Ծովափի Փառատօն»ը Matala Beach Festival։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել