Մաթիլտ Մանուքեան
Մաթիլտ Մանուկեան (1914, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 17 Փետրուար 2001, Պոլիս, Թուրքիա), 20րդ դարու Թուրքիոյ կարեւորագոյն կին գործարարներէն մին, հանրատուներու տէր, 2 տարիներ մրցանակ ստացած է որպէս Թուրքիոյ ամէնաբարձր տուրքը վճարող անձը:
Մաթիլտ Մանուքեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1914 |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 17 Փետրուար 2001 |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Թուրքիա |
Մայրենի լեզու | թրքերէն |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ուսումնավայր | Նոթր Տամ տը Սիոն Ֆրանսական վարժարան |
Մասնագիտութիւն | գործարար |
Աշխատավայր | Հասարատուներու Տէր |
Ամուսին | Արամ Չիլինկիր |
Երեխաներ | Գէրովբէ Չիլինկիր |
Ընտանիք
ԽմբագրելՄաթիլտ Մանուկեան ծնած է 1914-ին Պոլսոյ Սիւթլիւճէ (Ոսկեղջիւրի մօտ թաղամաս մը) թաղամասը: Ան դուստրն էր Կոմիտաս վարդապետի սաներու կարգին յիշուող Արմենակ Շահմուրատեանի[1]։ Հարուստ ու բռնակալ ընտանիքի մը դուստրը եղած է: Ունէր չորս եղբայրներ ու քոյրեր: Հայրը՝ Մանուկ Էֆէնտի Մանուկեան, իսկ մայրը՝ Ռօզին Հանըմ Մանուկեանն էր:
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՀայրը համալսարան աւարտած էր եւ կ'ուզէր որ իր զաւակներն ալ իրէն պէս լաւ ուսում ստանան: Աւարտած է Պալաթի Խորէնեան Վարժարանը: Լիսէի ուսումը ստացած է Notre Dame de Sion Ֆրանսական Վարժարանէն: 16 տարեկանին իր ընտանիքին արտօնութեամբ Դերձակ Լուսայի քով դերձակութեան սկսած է: Երկար ատեն Լուսիային հետ աշխատելէ յետոյ իրմէ կը զատուի եւ կը սկսի աշխատիլ Դերձակ Մաքսութին հետ: Մաքսութին հետ աշխատած միջոցին Մաթիլտին անունը կը սկսի լսուիլ Պոլսեցի ազնուականներու միջեւ։ Կը սկսի մասնակցիլ պարահանդէսներու որպէս հրաւիրեալ եւ այդ պարահանդէսներէն մէկուն կը ծանօթանայ իր ապագայ ամուսնոյն՝ Արամ Չիլինկիրի հետ: Պահ մը յետոյ կ'ամուսնանայ Արամ Չիլինկիրի հետ: Արամն ալ իրեն պէս ունեւոր ընտանիքի մը զաւակն էր:
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի շրջանին կը յղանայ իր միակ զաւկին՝ Քէրովբէին: Նոյն միջոցին, Արամը տնտեսական տեսակէտէ վատ կացութեան կը մատնուի եւ կրկին կը սկսի աշխատիլ Դերձակ Մաքսութի հետ: Պէհիճէ անուն կին մը կը սկսի հագուստներ կարել տալ: Կինը, իր բոլոր կարել տուածները պարտքի փոխարէն կ'առնէր: Երկար ատենէ յետոյ կինը Մանուկեանին մեծ գումար մը պարտք տուած էր։ Այդ պարտքի փոխարէն կինը խոստացաւ տալ իր բաժնին 50 տոկոսը: Մաթիլտ, այդ 50 տոկոսին մասին ոչ մէկուն բան մը ըսաւ, որովհետեւ կը վախնար իր ընտանիքէն եւ ամուսինէն: Իր ամուսնոյն մահէն յետոյ իր որդւոյն հետ ապրած է: Մանուկեան, 1994 եւ 1995 թուականներուն 2 անգամ Թուրքիոյ մէջ ամէնաբարձր գումարով տուրքը վճարած է եւ մրցանակներ ստացած է: Իր մահէն 6 տարիներ առաջ այսինքն 28 Սեպտեմբեր 1995-ին ինքնաշարժով տեղ մը երթալու պահուն ռմբակոծուած է: Շարժավարն ու Մաթիլտին թիկնապահը մահացած են։ Բայց ինքը ողջ մնացած էր:
2001 թուականին Շիշլիի, Հուզուր Փալասի իր տան մէջ մահացած է: Իր միակ ժառանգորդը, այսինքն իր զաւակը Քէրովբէ Չիլինկիրին ժառանգած է 700 յարկաբաժիններ, 70 գործարան, Պոլսոյ Իքիթէլլի թաղամասի մէջ գործատուն մը «Rolls Royce» ինքնաշարժ մը, 4 հատ «BMW» ինքնաշարժներ, 4 հատ Mercedes-Benz ինքնաշարժներ, 18 մեթր երկայնութեամբ Sang Harmony անունով շքանաւ մը, 3 հատ 5 աստղանի հիւրանոցներ, 4 հատ ամարանոցներ եւ մեծ թիւով գոհարեղէններ[1]: Յուղարկաւորութիւնը իրականացաւ 21 Փետրուար 2001 թուականին Պէյօղլուի Ս. Երորդութիւն Եկեղեցին: Թաղուած է Շիշլիի Հայկական Գերեզմանատունը:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 «Մաթիլտ Մանուկեանի ժառանգը դատական խնդրի վերածուեցաւ»։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն (en-US)։ 2019-05-23։ արտագրուած է՝ 2020-10-17
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Մաթիլտ Մանուկեան (թուրք.)
- [1]