Մամբրէ Վերծանող

Մամբրէ Վերծանող, հայ թարգմանիչ, ճառախօս եւ մեկնիչ, ապրած՝ Ե. դարու Բ. կիսուն։ Ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են։ Կեանքի մասին սակաւ տեղեկութիւններ կան։ Ըստ աւանդական տեղեկութիւններու եղած է Մովսէս Խորենացիի եղբայրը եւ Մ. Վ. Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի կրտսեր աշակերտներէն։ Մամբրէ Վերծանողին նուիրուած իր շահեկան ուսումնասիրութեան մէջ Արամ վրդ. Քէշիշեանը (այժմ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), հեղինակի ապրած ժամանակի վերաբերեալ, զանազան կարծիքներու համադրումէն յետոյ կը հասնի այն եզրակացութեան, որ՝ «Մամբրէ Վերածանող Ե․ դարուն 430-էն 500 թուականներուն միջեւ ապրած եւ գործած, թարգմանչաց Բ. սերունդին պատկանող հեղինակ մըն է՝ «երկրորդ փիլիսոփայս»[1]։

Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Ալեքսանդրիոյ մէջ։ Ապրած է Բիւզանդիոյ մէջ եւ արժանացած է պատիւներու։ Իրմէ ետք եկող մատենագիրները զինք կոչած են « Մեծ Փիլիսոփա»։ Իր գրած գործերէն մեզի հասած են միայն չորս ճառեր եւ «Դատումն Քերթածաց» խորագիրով գրուածք մը, որ հատուած մըն է իր կորսուած քերականութեան մեկնութենէն։

Թովմա Արծրունի 9-10-րդ դարերուն օգտուած է իր պատմական գործէն, որ դարձեալ պահպանուած չէ։

Իր լեզուն յունական հին շրջանի հայերէնն է, մեկնաբանութեան եղանակը այլաբանական է։

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Տե՛ս «Հասկ» հայագիտական տարեգիրք, նոր շրջան, Թ. տարի, 1997-2001, Անթիլիաս-Լիբանան, 2001, էջ 35-36։

Գրականութիւն

Խմբագրել

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Հայկական Սովետական Հանրագիտարան հատոր 7 էջ 191