Մանուկներու Կոտորած
Մանուկներու կոտորած, նոր-կտակարանային պատմութեան դրուագ՝ նկարագրուած Մատթէոսի Աւետարանին մէջ։ Փոխաբերական իմաստով ասոյթը կը նշանակէ չափազանց դաժան վերաբերմունք անպաշտպաններու նկատմամբ։ Սպանուած մանուկներուն քրիստոնէական եկեղեցին դասած է սուրբ նահատակներու շարքը։ Ուղղափառ եկեղեցին անոնց յիշատակը նշում է (11 Յունուարիին)[1], կաթոլիկ եկեղեցին՝ դեկտեմբերի 28-ին[2]:
Աւէտարանական Պատմութիւն
ԽմբագրելՄանուկներու կոտորածը նկարագրուած է միայն Մատթէոսի Աւետարանին մէջ։ Համաձայն Աւետարանական պատմութեան՝ նորածնին երկրպագութեան եկած մոգերը չկատարեցին Յուդայյի թագաւոր Հերովդէս Մեծի խնդրանքը. չյայտնեցին անոր մանկան գտնուելու վայրի մասին։ Այդ մասին Յովսէփ Ֆլաւիոսոսը կը հաստատէ, որ Հերովդէսը կը մահանայ «թագաւորելով Անտիգոնեսի մահէն երեսունչորս տարի ետք(Երուսաղէմը նուաճուելէ ետք)[3] եւ հռոմէացիներու կողմէ 37 տարի թագաւոր ճանաչուելէ ետք»: Ան ցոյց կու տայ, որ անոր մահուան թուականը մ.թ.այ. 2 թուականն է կամ մ.թ.այ. 1 թուականը։ Յետոյ աւետարանիչը կը վկայյէ, որ կոտորածը կանխագուշակուած էր Երեմիա մարգարէի կողմէ։ Աւետարանական պատմութեան համաձայն՝ Յիսուսը կը փրկուի Եգիպտոս փախչելու շնորհիւ։
Աստուածաշնչեան Զրոյցներ
ԽմբագրելՖէոֆիլակտ Բուլղարացին Մատթէոսի Աւետարանէն վերցուած իր զրոյցներուն մէջէն կը գրէ, որ մանուկներու կոտորածը կատարուած է Աստուածային ծրագրով, որու մասին կը վկայյէ Մատթէոս (Երեմիայի մարգարէութիւնը): Անոր կարծիքով դայդ կատարուեցաւ, որպէսզի յայտնաբերուի Հերովդէսի չարութիւնը։ Զոհերու առիթով Ֆէոֆիլակտը կը գրէ, Եկեղեցական գրուածքներուն մէջ կը մատնանշէ տարբեր թուաքանակի մանուկներ։ Բիւզանդական աւանդութեան մէջ ընդունուած է 14 հազար թիւը, սուրիականին մէջ՝ 64 հազար։ Պրուս Ալպորտը կը հաստատէ[4], որ Բեթղեհեմի ամբողջ բնակչութիւնը չէր անցնէր 1000 մարդու թիւ, բնականանաբար, տարեկան 30 երեխայի ծնելիութեան դէպքին արական սեռի նորածինները մինչեւ 2 տարեկան չեն կրնար 20-էն աւելի ըլլալ։ Համախոհները կոտորուածներու մեծ թիւը կը բացատրեն Մատթէոսի հաղորդածով, որn ալ հիմնուած էր Երեմիայի հաղորդածի վրայ՝ ենթադրելով, որ զոհերը եղած են բաւականաչափ շատ։ Որոշ պատմաբաններ եւ աստուածաբաններ ուշադրութեան կը դարձնեն դէպի Բեթղեհեմ ուղղուած ժողովուրդի մեծ հոսքին՝ համաձայն Ղուկասի Աւետարանի, ուրտեղ կը յիշեցուի, որ Յովսէփն ու Մարիամը Բեթղեհեմ կ'երթային մարդահամարի պատճառով եւ անոնց վիճակուած էր հանգրուանել քարայրին մէջ։
Պատմականութիւն
ԽմբագրելԿոտորածի մասին տեղեկութիւններ չկան հին աղբիւրներու մէջ, բացառութեամբ Մատթէոսի աւետարանի եւ աւելի ուշ ժամանակի քրիստոնէական յատուածներէ։ Պատմաբանները յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն այն բանին, որ գլխաւոր աղբիւրը Հերովդէսի թագաւորութեան մասին Յովսէփ Ֆլաւիոսի հին շրջանի աշխատութիւնն է, որ տեղեկութիւն չի պարունակէր Բեթղեհեմի մէջ տեղի ունեցած մանուկներու կոտորածի մասին։
Կոտորածը Կերպարուեստի Մէջ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Вифлеемские младенцы защитят наших детей // Правда.ру, 11.01.2011
- ↑ День святых Невинных Младенцев Вифлеемских. Справка. 28 декабря католики отмечают День святых Невинных Младенцев Вифлеемских // РИА Новости, 28.12.2009
- ↑ Иосиф Флавий. Иудейские древности. XVII, 8.
- ↑ «Брюс Алворд. Комментарии к Евангелию от Матфея»։ www.blagovestnik.org։ արտագրուած է՝ 2015-12-10