Մատթէոս Աղայեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Աղայեան Մատթէոս (16 Նոյեմբեր 1863, Հին Նախիջեւան - 10 Դեկտեմբեր 1932, Թիֆլիս), հայ դերասան։
Ծնած է Հին Նախիջեւանի Կարճեւան գիւղին մէջ 16 Նոյեմբեր 1863-ին։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ գիւղի քահանային ու ուսուցչին մօտ, ապա՝ Տփխիս (Թիֆլիս) մասնաւոր ուսումնարանի մը մէջ։ Պատանի հասակէն կը սկսի իբրեւ սիրողական խաղալ, իսկ 1879 թուականէն սկսեալ կը սկսի խաղալ իշխ. Ամատունիի խումբին մէջ իբրեւ դերասան, զոր կը շարունակէ երկար ժամանակ։ 1898 թուականին Մատթէոս Աղայեան կ'երթայ Մոսկուա եւ յետոյ Փեթերսպուրկ՝ ռուս ներկայացումներուն հետեւելու համար։ 1901 թուականին դարձեալ նոյն նպատակով կ'երթայ Մոսկուա։ 1904 թուականի Յունուարին կը տօնուի անոր բեմական գործունէութեան 25 ամեակը։ Խաղցած է սիրահարի դերեր։ Աղայեանը մօտէն ծանօթ եղած է Կովկասի գաւառցիներուն եւ եղած է նաեւ Ռուսաստանի հայաքաղաքներուն ու Պարսկաստանի մէջ (Խաղցած՝ գլխաւոր խումբի մէջ)։ Մէկ-մէկ բանաստեղծութիւններ ալ գրած է, որոնք տպուած են «Տարազ»ի մէջ։