Մատրասի Հայկական Կամուրջը

Հնդկաստանի հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութեան արժէքաւոր կոթողներէն է Մատրասի Հայկական կամուրջը, որ իր միջոցներով 1726 -ին կառուցած է ծագումով ջուղահայ վաճառական Պետրոս Ոսկան Վելիճանեանը, որ առաւելապէս ծանօթ է Խօճա Պետրոս անունով:

Բազմակամար կամուրջը եղած է Մատրասի տեսարժան վայրերէն մէկը, զոր իրենց կտաւներուն վրայ պատկերած են բազմաթիւ գեղանկարիչներ: Դարեր շարունակ Հայկական կամուրջը հանդիսացած է Մատրասի երկու հատուածները իրարու կապող կարեւորագոյն օղակ մը եւ միայն 1966-ին անոր անմիջական հարեւանութեամբ կառուցուած է նոր կամուրջ մը:

Պատմութիւն Խմբագրել

Մատրասի Հայկական կամուրջին պատմութիւնը լատիներէն, պարսկերէն եւ հայերէն արձանագրուած է յուշաքարի մը վրայ: Սակայն, արձանագրութեան հայերէն հատուածը, որ փորագրուած է յուշաքարին ստորին մասին վրայ, ժամանակի ընթացքին ամբողջութեամբ կրաձոյլով պատուած էր: 2019-ին, Հնդկաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը դիմած էր պատկան մարմիններուն` թոյլատրելու յուշաքարին վերականգնումը: Դեսպանութեան խնդրանքով Չեննայի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Շիւկումար Իշվարանի հովանաւորութեամբ յաջողած են փրկել յուշաքարը` տեղադրելով զայն պատուանդանի մը վրայ: Այդպիսով ապահովուած է ոչ միայն յուշարձանին հետագայ պահպանութիւնը, այլեւ անիկա դարձած է աւելի տեսանելի անցորդներուն համար[1]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել