Ջուղա, (Նախիջեւան)
Ջուղա (ատրպ․՝Ջուլֆա Culfa) քաղաք Ատրպէյճանի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան։ Ջուլֆայի շրջանի վարչական կենդրոն։ Մինչեւ 19-րդ դարուն՝ պատմական Երնջակ գաւառի հայկական ու հայաբնակ քաղաք եւ առեւտուրի գլխաւոր կեդրոններէն։
Դիրքը
ԽմբագրելԿը գտնուի Նախիջեւանի հարաւ արեւմուտքը, Արաքս գետի ափերուն։ Պատմական Ջուղա քաղաքը կը տարածուի Ջուլֆայի շրջանի Ջուղա գիւղի մերձակայքը, Մաղարդայի եւ Ջուղայի լեռնաշղթաներուն միջեւ երկարող կիրճին՝ Ծակուտայ ձոր կամ Ծակուտ, Արաքս գետի ձախ ափին։ Կը գտնուի ծովու մակարդակէն 700 մեթր բարձրութեան վրայ եւ կլիման ցամաքային է՝ արեւոտ եւ չոր։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀայ մատենագրութեան մէջ, Ջուղա քաղաքը առաջին անգամ կը յիշուի 5-րդ դարուն Մովսէս Խորենացիին «Հայոց Պատմութիւն» հատորին մէջ, ուր կը նշուի թէ Ջուղայի հիմնադիրը Մեծն Տիգրանն է։ Ջուղան կը գոյատեւէ արաբական յարձակումներուն եւ Միջնադարի շրջանին պարզ գիւղ մը ըլլալէ կը դադրի։ 10-րդ մինչեւ 13-րդ դարերուն ընթացքին կը զարգանայ․ ըստ Ղազար Կաթողիկոս Ճահկեցիին՝ 17-րդ դար, Անի մասրաքաղաքին կործանումէն ետք, անոր բնակիչներուն մեծ մասը Ջուղա կը հաստատուի։ 15-րդ մինչեւ 17-րդ դարերուն ընթացքին կը դառնայ վաճառականութեան եւ մշակոյթի գլխաւոր կեդրոններէն մէկը։ Ջուղայէն կ՛անցնին Հեռաւոր Արեւելքէն արեւմուտք՝ Միջերկրական Ծով երթեւեկող առեւտուրի կարաւանները։
1604 թուականին Օսմանեան եւ Սեֆեւեան կայսրութիւններուն միջեւ պատերազմին պատճառով Ջուղա քաղաքը աւերման եւ հրկիզման կ՛ենթարկուի։ Պարսիկ թագաւորը՝ Շահ Աբբաս, կը հրահանգէ քանդուին եւ աւերուին Հայաստանի քաղաքներն ու գիւղերը, որոնք կը գտնուին թրքական բանակին ճամբուն վրայ, ինչպէս նաեւ, այդ շրջաններուն բնակիչները բռնի Պարսկաստան փոխադրել։ Ջուղայի բնակիչներն եւս, կը ստիպուին լքել իրենց տուները․ կը յաջորդէ հայերուն ողբերգրական գաղթը դէպի Պարսկաստան Արաքս գետի վրայով։ Առաջին հասնողները՝ Ջուղայի բնակիչները, կը տեղաւորուին սեֆեւեաններու մայրաքաղաք Սպահան եւ անոր մօտակայ վայրը հայերը կը հիմնեն Նոր Ջուղա քաղաքը։
1828 Թիւրքմէնչայի դաշնագրով, Ջուղան Ռուսիոյ կայսրութեան եւ Պարսկաստանի միջեւ սահմանագիծը կը հանդիսանայ։ 1840 – 1847 Ռուսական Կայսրութեան մէջ Հայկական Մարզին մաս կը կազմէ։ Իսկ 1847 – 1917՝ Ռուսական Կայսրութեան մաս։
1921 Հոկտեմբեր 13 ստորագրուած Կարսի պայմանագրով Նախիջեւանը (Ջուղան ներառեալ) Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեան մաս կը կազմէ, իբրեւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն։ Այս թուականէն ետք, հայ բնակչութեան թիւը աստիճանաբար կը նուազի եւ 1988-1994 Արցախեան Ազատագրական Պայքարի տարիներուն մնացած հայերուն կը ստիպեն տեղափոխուիլ Հ․Հ․։
Ջուղայի հնագիտական վայրը եւ Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը
ԽմբագրելՄիջնադարին Ջուղան հարուստ եղած է ճարտարապետական յուշարձաններով, կամուրջով, բերդով, հազարաւոր գեղաքանդակ խաչքարերով, վաճառատուներով, շուկայով ու բաղնիքով, եկեղեցիներով, եւայլն։ Մինչեւ 20-րդ դարասկիզբին անոնց կարեւոր մասը կանգուն կամ կիսաւեր վիճակի մէջ էր։ Սակայն ներկայիս, մեծ մասը գետնի հաւասար դարձած է եւ փոքր մաս մըն ալ՝ աւերակ։
Վանքեր
ԽմբագրելՋուղայի մէջ կը գործէին հետեւեալ վանքերը՝ Ամենափրկիչ, Ս. Աստուածածին, Ս․ Գէորգ, Ս. Մինաս, Ս. Յովհաննէս, Ս. Յակոբ, Ամենասուրբ Երրորդութիւն կամ Վերին Կաթան, Անդրէորդի, Պոմբլոզի ժամ, ինչպէս նաեւ շատ եկեղեցիներ։
Ջուղայի խաչքարեր
ԽմբագրելՏե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը
Ջուղայի խաչքարերը եւ կամ Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը մինչեւ 1648 թուականի ունեցած է 10,000է աւելի խաչքարեր։ Անոնց կանոնաւոր կերպով ոչնչացման քաղաքականութիւնն ու գործընթացը կը սկսի 1921, Հոկտեմբեր 13-էն ետք։ 1970-ական թուականներուն կը հաշուէր 462 խաչքարեր առաջին բլուրին վրայ, 1,672՝ երկրորդ բլուրին վրայ եւ 573՝ երրորդին։ Նաեւ, 250 խաչքարեր կային Ամենփրկիչ վանքին մօտ եւ քաղաքին զանազան վայրերու մէջ։
1998 – 2006 թուականներուն, Ջուղայի խաչքարերը ամբողջութեամբ կը քանդուին, անոնց հետքն նոյնիսկ այժմ չկայ։
Ջուղայի բարբառը
ԽմբագրելՋուղայի բարբառը իր բառային կազմով, կը պատկանի «ում» ճիւղին։ Շարահիւսութեան ու հնչիւնաբանութեան, ձեւաբանութեան առանձնակի կամ համակարգային տարբերութեամբ հանդերձ, կը նմանի Արարատեան եւ Ղարաբաղի, իսկ ձայնայինով` Վանի եւ Մշոյ բարբառներուն: Ան, հասկանալի էր Ջուղային մերձակայ եւ Նախիջեւանի քանի մը գիւղերու բնակչութեան կողմէ։ Այժմ կը խօսուի Պարսկաստանի Նոր Ջուղա (ներկայիս Սպահան քաղաքի հայաբնակ թաղամաս), Շիրազ քաղաքներուն հայ բնակչութեան կողմէ եւ Հնդկաստանի հայերուն կողմէ։ Սակայն 400 տարի ետք, բարբառը զգալիօրէն փոխուած է։
Տես նաեւ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- 2. Ղ. Ճահկեցի, Գիրք Աստուածաբանական, որ կոչի դրախտ ցանկալի, Կ. Պոլիս, 1735, էջ 633։
- ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, Է․Լ․Դանիէլեան, Ա․Ա․Մելքոնեան, էջ 196-97
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ ԱՐԳԱՄ ԱՅՎԱԶՅԱՆ, Ջուղա, «ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ԳՐՈՂ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆ, ԵՐԵՒԱՆ — 1984 հայ.՝
- ↑ Արաքսի ողբերգութիւնը, Sarah Pickman, 30-6-2006(անգլերէն)
- ↑ [https://www.mfa.am/hy/jugha Հին Ջուղա: Ոչնչացման ժամանակագրութիւն Միջազգային մամուլի արձագանքներ]
- ↑ ՋՈՒՂԱՅԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ հայ.՝