Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը

Միջնադարին Ջուղան հարուստ եղած է ճարտարապետական յուշարձաններով։  Մինչեւ 20-րդ դարասկիզբին հայաբնակ Ջուղայի յուշարձաններուն մեծ մասը կանգուն կամ կիսաւեր վիճակի մէջ էին։  Սակայն ներկայիս, մեծ մասը գետնի հաւասար դարձած է եւ փոքր մաս մըն ալ՝ աւերակ։ 

Ջուղայի գերեզմանատան խաչքարներէն, 1912 թուական

Ջուղայի գերեզմանատունը

Խմբագրել

Ջուղայի քաղաքային գերեզմանատունը կը տարածուէր Արաքսի ձախ ափի երեք բլուրներու վրայ եւ յատուկ տեղ կը գրաւէր համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան գանձերու ցանկին մէջ։

Այս հսկայ պատմական եւ մշակութային արժէք ունեցող վայրը, համաշխարհային գետնի վրայ՝ հայերուն եւ օտարներուն, հիացում կը պատճառէր։

Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը (կամ՝ Ջուղայի խաչքարերը), հակառակ ոչնչացման «անտեսանելի» քաղաքականութեան, մինչեւ 1970-ական թուականներուն կը հաշուէր 462 խաչքարեր առաջին բլուրին վրայ, 1,672՝ երկրորդ բլուրին վրայ եւ 573՝ երրորդին։  Նաեւ, 250 խաչքարեր կային Ամենփրկիչ վանքին մօտ եւ քաղաքին զանազան վայրերու մէջ։ 

Գերեմանատան խաչքարներու խմբաւորում

Խմբագրել

Ջուղայի գերեզմանատան խաչքարերը կը բաժնուին 3 խումբերու, ըստ ժամանակաշրջանի։ Առաջինը կը թուագրուի 9-րդ մինչեւ 13-րդ դար, երկրորդը՝ 14-րդ մինչեւ 15-րդ դար, իսկ երրորդը՝ 16-րդդարասկիզբէն մինչեւ 17-րդ դարուն առաջին քառորդը։ Բոլորն ալ քանդակուած էին վարդագոյն եւ դեղին-նարնջագոյն քարերու վրայ։

Խաչքարերուն ոչնչացումը

Խմբագրել
 
16-րդ դարու խաչքար, որ փրկուած է Ջուղայի գերեզմանոցին ոչնչացումէն։  Կը գտնուի Ս․ Էջմիածնի Մայր Տաճարը
 
Ջուղայի հայկական գերեզմանոցի պահպանուած մասը 1915 թուականին

1998 – 2006 թուականին,  Ջուղայի խաչքարերը աստիճանաբար ամբողջութեամբ կը քանդուին, այժմ անոնց հետքն նոյնիսկ չկայ։

Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը տարածուած էր Ջուղայի արեւմտեան կողմը, փոքրիկ ձորակներով բաժնուած երեք բլրակներու վրայ ու անոնց  շրջակայքը։   Գերեզմանատունը նշանաւոր էր իր խաչքարերով։

1648 թուականին, ըստ ճամբորդ Աղեքսանտր Տէ Ռոտի վկայութիւններուն, Ջուղան ունեցած է շուրջ 10,000 լաւ վիճակի պահպանուած խաչքար, ինչպէս նաեւ խոյաձեւ քանդակուած դամբանաքարեր։

Աղեքսանտր Տէ Ռոտ․ ֆրանսացի քարոցիչ - ճամբորդ, ուղեգրող։ Քրիստոնէութիւնը քարոզած է Հարաւային Չինաստան, Ֆիլիփին, Վիէթնամ, Ճափոն, իսկ 1654 թուականէն՝ Պարսկաստան։ Գրի առած է Հեռաւոր Արեւելքի կատարած իր ուղեւորութիւնը։ 1646 Ճաւայէն Հռոմ վերադարձի ճամբուն, անցած է Հայաստանէն։ 1660 կը մահանայ ու կը թաղուի Նոր Ջուղայի հայկական գերեզմանատան մէջ։

19031904 թուականներուն Ջուղայի ընդմէջէն անցնող երկաթուղագծին շինարարութենէն ետք, քաղաքի շարք մը յուշարձաններու քանդումին հետ,  կ՛ոչնչացուին նաեւ գերեզմանատան խաչքարերուն մեծ մասը, անոնց կանգուն եւ կամ գետին ինկած վիճակի թիւը նուազեցնելով շուրջ 5,000 խաչքարի։

 
16-րդ դարու խաչքար, որ փրկուած է Ջուղայի գերեզմանոցին ոչնչացումէն։  Կը գտնուի Ս․ Էջմիածնի Մայր Տաճարը

Գերեզմանատան լման ոչնչացման գործընթացը կը սկսի 1921 թուականէն, երբ Կարսի պայմանագրով Նախիջեւանը (Ջուղան ներառեալ) Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեան մաս կը կազմէ ։

1980 թուականէն ետք, մօտաւորապէս 25 տարիներու ընթացքին գերեզմանատունը պարբերաբար եւ ծրագրուած ձեւով աւերման եւ քանդման կ՛ենթարկուի։  Գերեզմանատան ծրագրուած կործանումը իր գագաթնակետին կը հասնի, 2005 – 2006 թուականներուն, երբ Ատրպէյճանի կառավարութեան հրամանով եւ երկրին զինուած ուժերու սատարումով բոլորովին կ՛ ոչնչացուին բազմադարեայ  հազարաւոր խաչքարերով հարուստ գերեզմանոցը։   Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը, գերեզմանի ոչնչացման համար, կ՛օգտագործեն  արհեստագիտական ծանր սարքեր․ կը փշրեն խաչքարերը եւ կը թափեն Արաքս գետ։ Վերջինս կ՛ողողեն պատմամշակութային մեծ արժէք ունեցող հազարաւոր խաչքարերու կտորներով։  Այս բոլորին՝ միջազգային հանրութիւնը գրեթէ լուր կը հետեւի, որեւէ լուրջ պատժամիջոց չի գործադրուիր խաչքարերու ցեղասպանութեան յանձագործ՝ Ատրպէյճանին։

[1] [2] [3] [4] [5] [6][7]

Տես նաեւ

Խմբագրել

Ջուղա

Նոր Ջուղա

Նախիջեւան

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Արգամ Այվազյան, Ջուղա, «Սովետական գրող» հրատարակչություն, Երեւան - 1984 թվական, էջ 32
  • Արգամ Այվազեան Ջուղայի Խաչքարերը, Երեւան, 1993 – Հայաստանի Հանրապետութեան Յուշարձաններու Պաշտպանութեան Վարչութիւն

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. ՋՈՒՂԱՅԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ հայ.՝ 
  2. Աղեքսանտր Րոտի զանազան տարբեր ճամբորդութիւնները(անգլերէն)