Մարգար Էսայեան
Մարգար Էսայեան (4 Փետրուար 1969[1], Պոլիս, Թուրքիա[1] - 16 Հոկտեմբեր 2020[2], Պոլիս, Թուրքիա)[3]: Իսթանպուլի երեսփոխան եւ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամ:«Ակօս» շաբաթաթերթի սիւնակագիր: Հրապարակագիր:
Մարգար Էսայեան | |
Կուսակցութիւն՝ | Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութիւն |
---|---|
Կրթութիւն՝ | Անատոլիական համալսարան? |
Մասնագիտութիւն՝ | գրագէտ, լրագրող, քաղաքական գործիչ |
Ծննդեան օր | 4 Փետրուար 1969[1] |
Ծննդավայր | Պոլիս, Թուրքիա[1] |
մահուան օր | 16 Հոկտեմբեր 2020[2] (51 տարեկանին) |
մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Գերեզման | Շիշլիի Հայկական Գերեզմանատուն |
Թաղուած | Շիշլիի Հայկական Գերեզմանատուն |
Քաղաքացիութիւն | Թուրքիա |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԻսթանպուլի երեսփոխան եւ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամ Մարգար Էսայեան ծնած էր 1969 թուականին Իսթանպուլ։ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը եւ Կեդրոնականը աւարտելէ վերջ, 1995 թուականին մուտք գործած էր «Անատոլու» համալսարանին վարչակառավարման բաժինը։ «Պիլկի» համալսարանէն ներս կատարելագործած էր իր բարձրագոյն ուսումը՝ հետեւելով մշակութային հետազօտութեան բաժնի դասընթացքներուն։ Մարգար Էսայեան համբաւ ձեռք բերած էր որպէս հրապարակագիր։ Հիմնադրութեան փուլէն սկսեալ երկար շրջան մը սիւնակագիր եղած էր «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ։ Աւելի վերջ աշխատակցած էր «Թարաֆ», «Ենի Շաֆաք», «Տէյլի Սապահ» եւ «Աքշամ» թերթերուն։ Շարք մը յառաջատար հեռուստակայաններու քաղաքական ծրագիրներուն եւ բանավէճերուն ալ կը մասնակցէր՝ որպէս մեկնաբան։ Ունէր հրատարակուած հինգ գիրք։ Բաւական բարձր մակարդակով կը տիրապետէր անգլերէնի, գիտէր նաեւ հայերէն[3]։
Մարգար Էսայեան միջոցէ մը ի վեր հետաքրքրական ու համարձակ յօդուածներ կը ստորագրէ «Թարաֆ» թերթին մէջ։ Ան այս յօդուածներուն մէջ կը ջանայ թարգման հանդիսանալ զսպուած, անիրաւութիւններու ենթարկուած հայ քաղաքացիի ընդվզումներուն ու մտածումներուն։ (11 Ապրիլ) «Թարաֆ»ին մէջ ալ ունէր նմանօրինակ յօդուած մը, որուն խորագիրն էր «Գօմփլօներու վրէժն ու վերակենադանացումը» [4]։
Եւ Էսայեան սապէս կ՛եզրակացնէ.
«…Այս 24 Ապրիլը 96րդ տարեդարձն է այն մեծ տեղահանութեան, որու ընթացքին հայերը քալեցին դէպի բնաջնջում։ Բայց գիտէ՞ք որ այս տարի 24 Ապրիլը կը զուգադիպի նաեւ Զատկուան տօնին, այսինքն Յարութեան տօնին։ Յարութեան տօն։ Չեմ գիտեր կրցա՞յ բացատրել»[4]։ «Մարմարա»- Մարգար Էսայեան
|
Մարգար Էսայեանը Վահէ Իհսանի թոռն է, որ երիտթուրքերուն յանձներ է Օսմանեան Թուրքիայի մէջ ապրող հայերու անուանացանկն ու հասցէները, եւ անոնք սպանուեր են թուրք բարբարոսներու ձեռքով [5]:
Մարգար էսայանի պապը սպանուեր է հայ վրիժառու, «Նեմեսիս»ի գործողութեան մասնակից Արշաւիր Շիրակեանի ձեռքով[5]: |
Անժամանակ մահը
ԽմբագրելՄարգար Էսայեան միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր ստամոքսի քաղցկեղէ։ Աւելի վերջ, սակայն, իր կացութիւնը սկսաւ դարձեալ վատթարանալ՝ հակառակ իրեն համար ի գործ դրուած դարմանման։ Վերջին շրջանին քաղցկեղը պատած էր իր մարմինը եւ ան արդէն հիւանդանոցի մէջ էր[3]։
Մարգար Էսայեանի անժամանակ մահուան առթիւ ընկերային ցանցերու վրայ ցաւակցական գրառումներով հանդէս եկան Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան, իր բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն, նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի պետ Ֆահրետտին Ալթուն։ Լրատուամիջոցները տեղ տուած են նաեւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի եւ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճայի վշտակցական արտայայտութիւններուն։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ «Twitter»ի վրայ վշտակցական գրառումով մը հանդէս եկած է Մարգար Էսայեանի կորուստին կապակցութեամբ։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ տեղ գտած են նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի խօսքերը, ըստ որոնց Մարգար Էսայեան բարեացակամ ու հայրենասէր անձնաւորութիւն մըն էր՝ կապուած իր պետութեան եւ ազգին[3]։
ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսայեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ [6]։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան դամբանականին մէջ ընդգծեց, որ
Մարգար Էսայեան խոր մտածելակերպով անձնաւորութիւն մըն էր, իսկական կրօնասէր մըն էր։ Երուսաղէմ մեկնած էր ուսանելու, յաճախած էր Կեդրոնական վարժարան, անդամակցած էր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ու սերտ կապ ունեցած՝ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի հետ։ Իր խօսքով՝ այս բոլոր հանգամանքները ձեւաւորած էին Մարգար Էսայեանի մտածման եւ զգացական աշխարհի ենթակառուցուածքները։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիպուկ ձեւով բացատրեց, որ հոգելոյս Մարգար Էսայեան կեանքի դժուար օրերուն համար ամբարած էր բաւականաչափ բարոյականութիւն եւ իր սնուցած արժէքներով դիմադրած էր ծանր շրջանին[6]։ - Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան
|
երեսփոխանական եւ ազգային գործունէութիւն
ԽմբագրելԵրկու շրջան վրայ վրայի Մարգար Էսայեան երեսփոխան ընտրուած էր Իսթանպուլէն[7]։ Երբ երկար տասնամեակներ վերջ Ազգային մեծ ժողով նոյնաժամանակ մուտք գործել յաջողած էին երեք թրքահայեր, անոնցմէ գլխաւորն էր Մարգար Էսայեան՝ ընտրուած ըլլալով իշխանական կուսակցութենէն[3]։ Խորհրդարանէն ներս մաս կազմած էր սահմանադրութեան եւ Եւրոմիութեան հետ ներդաշնակութեան յանձնաժողովներուն։ Եղած էր Թուրքիա-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական խառն յանձնաժողովի համանախագահի տեղակալը։ Որպէս պատգամաւոր իր ծաւալած գործունէութեան ընթացքին, Մարգար Էսայեան փորձած էր նպաստել Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու զանազան խնդիրներու լուծման։ Թէ՛ խորհրդարանէն եւ թէ կուսակցութենէն ներս փորձած էր յառաջ տանիլ նպաստաւոր աշխատանք՝ յարմար գետին մը պատրաստելու ակնկալութեամբ խնդիրներու լուծման[8]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Deutsche Nationalbibliothek Record #133771245 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 https://www.haberturk.com/son-dakika-ak-partili-milletvekili-markar-esayan-hayatini-kaybetti-2838151
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 ՈՉ ԵՒՍ Է ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ
- ↑ 4,0 4,1 «ԱՂԱՂԱԿ ՄԸ «ԹԱՐԱՖ»Ի ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆԷՆ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-21-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-20
- ↑ 5,0 5,1 Էրտողանի մեծարմանն արժանացածը
- ↑ 6,0 6,1 ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
- ↑ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ
- ↑ ՈՉ ԵՒՍ Է ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ