Մարդու ակռայ
Մարդուն ակռաները մարմինին ամէնէն կարծր մասերէն են։ Անոնց օգնութեամբ մարդը կը ծամէեւ կը մանրացնէ սնունդը, որպէսզի մարդ կարենայ զանոնք դիւրութեամբ կլլել եւ մարսել: Ուստի ակռաները պէտք է շատ ամուր եւ առողջ ըլլան։
Մարդոց ակռաները կարեւոր դեր ունին նաեւ խօսելու ատեն որոշ հնչիւններու արտաբերման համար։
Ակռաները իւրաքանչիւր ճաշէ ետք յարձակումի կ'ենթարկուին ուտելիքի մնացորդներով սնանող մանրէներուն կողմէ:
Պատմութեան ընթացքին
Խմբագրել- Նախապատմական մարդիկը այսօրուան մարդուն չափ ակռաներ ունէին, սակայն անոնց ծնօտը աւելի մեծ էր: Անոնց ակռաները աւելի մեծ էին եւ ունէին աւելի խրթին ձեւ:
- Մինչեւ այսօր մարդիկ կը մտածէին, թէ ակռայի փտութիւնը սկսած է, երբ մէջտեղ եկած է երկրագործութիւնը մօտաւորապէս 11,000 տարիներ առաջ:
- Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, անոնք մէջտեղ եկած են 4000 տարի առաջ: Այդ ժամանակաշրջանին մարդիկ խոզկաղին, խոզակ եւ զօրաւոր պատեանով պտուղներ կ'ուտէին: Այս չորս պտուղները շաքարով հարուստ են: Ասիկա կը յառաջացնէր փտութիւն, վէրք եւ բերանի գարշահոտութիւն: Գիտնականները այս բոլորը գիտեն, որովհետեւ անոնք գտած են 15,000 տարուան ոսկորներու մնացորդներ` Մարոքի քարայրներէն մէկուն մէջ: Հոն գտնուած բոլոր ակռաները փտած էին: Ասիկա փաստ մըն է, որ վայրի բոյսերն ալ երկրագործութեան արտադրած բոյսերով ուտելիքներուն նման գէշ են ակռաներուն համար:
Աղտոտ, ծուռ կամ կտրուած ակռաներ
Խմբագրել- Ակռային վրայ կը կազմուի ուտելիքի մնացորդներու եւ մանրէներու խաւ մը: Այս մնացորդներով սնանելով` մանրէները կ'արտադրեն թթու մը, որ կը կրծէ ակռային էմայը եւ փղոսկրը: Ասիկա փտութիւն կը յառաջացնէ: Այս հիւանդութիւնն է, որ ակռան կը փճացնէ:
- Այս վնասակար խաւին դէմ ստոյգ զէնքերն են` առտու եւ իրիկուն 2 վայրկեան ակռաներու խոզանակումը, ֆլիւորով ակռայի դեղ, ակռայ մաքրելու դերձան եւ բերան ցօղուելու դեղ:
- Երբեմն մարդուն վերջնական ակռաները ծուռ կը բուսնին: Հետեւաբար պէտք է զանոնք իրենց տեղը դնել: Ասոր համար մօտաւորապէս 10-12 տարեկանին կարգ մը երեխաներ ակռայի «մեքենայ» կը դնեն:
- Երբեմն ակռաները բուսնելու բաւարար տեղ չեն ունենար ոսկորի հարցի մը պատճառով: Վերի ծնօտը իբրեւ կափարիչ կը բանի: Եթէ ան չմեծնայ, վարի ակռաները այդ «կափարիչին» տակ բանտարկուած կը մնան:
- Իսկ երբ պատահի, որ ակռան կոտրուի, կարելի է զայն փակցնել: Սակայն պէտք է զայն անմիջապէս կամ կաթի մէջ, կա՛մ նոյն անձին լորձունքին մէջ պահել եւ ատամնաբուժին երթալ:
- Բազմաթիւ լուծումներ գոյութիւն ունին: Ակռան կարելի է դարձեալ «ցանել», վերանորոգել յատուկ նիւթով մը, կամ` ինկած կտորը փակցնել:
Ակռաներու աճը
Խմբագրել6-12 տարեկանին միջեւ կաթի ակռաները կը թափին եւ անոնց փոխարէն` կը բուսնին վերջնական ակռաները: Չափահաս տարիքին մարդ կ'ունենայ 32 ակռայ` 16 հատ վերը, 16 հատ վարը:
- Մօտաւորարէս 6 տարեկանին` 4 աղօրիները: Անոնք ուտելիքները կը տրորեն:
- Մօտաւորապէս 7 տարեկանին` կեդրոնական 4 կտրող ակռաները` հերձատամները:
- Մօտաւորապէս 8 տարեկանին` կողմի 4 հերձատամները:
- Մօտաւորապէս 9-10 տարեկանին` 8 նախաղօրիները, որոնք կը փոխարինեն կաթի աղօրիները:
- Մօտաւորապէս 11 տարեկանին` 4 շնատամները: Անոնք ուտելիքները կը փրցնեն:
- Մօտաւորապէս 12 տարեկանին` 4 երկրորդ աղօրիները:
- 18-25 տարեկանին միջեւ` իմաստութեան 4 ակռաները[1]: