Մարիամ Շահինեան
Մարիամ Շահինեան (1911[1][2], Սեբաստիա - 1996[1][2], Պոլիս, Թուրքիա), անուանի հայ լուսանկարիչ, Թուրքիոյ առաջին կին լուսանկարիչը։
Մարիամ Շահինեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1911[1][2] |
Ծննդավայր | Սեբաստիա |
Մահացած է | 1996[1][2] |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Թուրքիա |
Ուսումնավայր | Q653070? |
Մասնագիտութիւն | լուսանկարիչ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄարիամ ծնած է Թուրքիա, Սվազի կենդրոնը գտնուող Շահինեաններու առանձնատունը։ Անոր մեծ հայրը՝ Յակոբ Շահինեան Փաշան, 1877-ին հիմնադրուած օսմանեան առաջին խորհրդարանին մէջ եղած է Սվազի ներկայացուցիչը։
1915 թուականի Մեծ Եղեռնէն յետոյ, 4 տարեկան Մարիամին ընտանիքը փախած է Իսթանպուլ ձգելով անձնական տուն, 5 ալիւրի գործարաններ եւ մեծաքանակ անշարժ գոյքեր։
Եղեռնի օրերուն ընտանիքը հանգրուանած է Իսթանպուլ։ Մարիամը սկսած է յաճախել տեղի հայկական Եսայեան Սանուց վարժարանը։
Անոր հայրը՝ Միհրանը, չափազանց հետաքրքրուած է լուսանկարչութեամբ։
1933 թուականին, ան սկսած է աշխատիլ Իսթանպուլի Բերա թաղամասի «Ֆոթօ Կալաթասարայ» լուսանկարչատան մէջ։
1936-ին, Մարիամի մայրը՝ Տիգրանուհին, յանկարծակի մահացած է, ընտանիքը նիւթական դժուար վիճակի մէջ ձգելով։ Այս պայմաններով առաջնորդուած, Մարիամը ստիպուած ֆրանսական դպրոցը ձգած եւ սկսած է հօր հետեւիլ, որպէս անոր արուետանոցի գործերուն օգնական։
1937-ին, ան սկսած է արուետանոցը ինքնուրոյն ղեկավարել եւ այդպէս ալ շարունակած է մինչեւ 1985 թուական։
Ան մահացած է 1996 թուականին, Իսթանպուլի իր տան մէջ ու թաղուած է Շիշլիի հայկական գերեզմանոցը:
Լուսանկարներուն պատմական արժէքը
ԽմբագրելԱռաջին Աշխարհամարտի տարիներուն նկարուած, մօտ 200,000 լուսանկարներէ բաղկացած հարուստ արխիւը, պատմական այդ ժամանակաշրջանի Թուրքիոյ ընկերային իրաւացի վկան է։
Այնտեղ առկայ են յիշատակի համար նկարուող զինուորականներու, ընտանիքներու, կաթոլիկ կրօնաւորներու, օտար պաշտօնեաներու, հայ կղերականներու, կանանց, հրեայ մանուկներու, յոյն աղջիկներու, Պոլշէվիկեան Յեղափոխութենէն փախելով Իսթանպուլ հաստատուած ռուսերու, օպերային երգիչներու, երաժիշտներու եւ այլ բազմաթիւ նկարներ։
Մարիամի լուսանկարներուն մէջ նկատելի է նկարուող կանանց զգեստներու ոճը, անոնց գլխարկները, նոյն տան մէջ բնակող կանանց, քոյրերուն, մանուկներուն, նոյնանման կտորներով պատրաստուած հագուստները. երեւոյթ մը որ հաւանաբար հաւասարութեան եւ սիրոյ նշան էր այն ատեն։
1985-ին, Շահինեան իր լուսանկարչատունը յանձնելէն ետք, անոր “Foto Galatasaray” լուսանկարչատան մէջ նկարած լուսանկարներու թանկարժէք արխիւը տեղափոխուած է «Արաս» հրատարակչութեան տիրոջ՝ Եդուարդ Թովմասեանին պահեստը:
Լուսանկարներու դասակարգումը
ԽմբագրելԵրկար տարիներ ետք, թուրք հետազօտող Թայֆուն Սերթաշի ջանքերով կայացած է Շահինեանի արխիւին մէջ գտնուող լուսանկարներու դասակարգման, մաքրման, թուայնացման, թուային վերականգնման եւ դասակարգման երկար աշխատանքը, որուն արդիւնքով կարելի դարձած է լուսանկարները ցուցադրել 2012 թուականին, «Բաց արխիւ» նախագիծի շրջանակէն ներս։
2016 թուականին, «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Թայֆուն Սէրթաշի “Foto Galatasaray” գիրքը, որուն մէջ զետեղուած են Մարիամ Շահինեանի լուսանկարչական արխիւէն մօտ հազար լուսանկար։
Մարիամ Շահինեանի սեւ ու սպիտակ, ապակեայ նէկաթիվներով լուսանկարները, Թուրքիոյ վերջին ժամանակաշրջանի մեզի հասած ամբողջական եւ անթերի լուսանկարներու հազուագիւտ օրինակ է։