Մարի-Թերեզ Ճապրայեան

Մարի-Թերեզ Ճապրայեան(ծն.՝Ալեքսանտրէթի Պէյլան գիւղաքաղաքը), հայ բանաստեղծուհի:

Մարի-Թերեզ Ճապրայեան
Ծննդավայր Ալեքսանտրէթի Պէյլան գիւղաքաղաքը
Քաղաքացիութիւն Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ազդած է Հայ ժողովուրդը

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Ալեքսանտրէթի Պէյլան գիւղաքաղաքը։ Կը պատկանի նահապետական բազմանդամ ընտանիքի մը։ Երկրի հայութեան հետ կը գաղթեն Լիբանան, Տիւրոսի աննշան գիւղ մը, Պաս, ուր կ'անցընէ մանկութեան թշուառ տարիները։

Գիւղին Անարատ Յղութիւն վարժարանը 7 տարի յաճախելէ ետք կը ղրկուի Հռոմ, բարձրագոյն ուսում ստանալու համար։ Ութը տարի ետք կը վերադառնայ Լիբանան ու Պէյրութի Հռիփսիմեանց եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն մէջ լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէ։

Պէյրութի Սէն ժոզէֆ համալսարանի Հայագիտութեան դասընթացքներուն հետեւած է Հայր Մսրլեանի օրով։ Ապա ղրկուած է Փարիզ, Սեվր, մանկավարժական դասընթացքներուն հետեւելու։

Ամուսնացած է Նիւ Եորքի մէջ, Յովհաննէս Ոսկերիչեանի հետ։ Բախտաւորուած են երկու զաւակներով, անոնցմէ Արմէն-Քրիստափոր՝ 1993 Մայիսին վկայուած է իբրեւ բժիշկ։ Իսկ իրենց դուստրը՝ Արփի-Աննա կը հետեւի համաշխարհային օրէնսգիտութեան։

Ուսում

Խմբագրել

Մարի-Թերեզ սկսած է գրել պատանի տարիքին։ Իր բանաստեղծութիւններու երեք տետրակները հրոյ ճարակ դարձած են Պէյրութի իրենց տան հետ։

Գործեր

Խմբագրել

15 տարի լռելէ ետք, վերսկսած է գրել պատմուածքներ եւ քերթուածներ։ Ներկայիս հրատարակութեան համար պատրաստ ունի քերթուածներու երկու տետրակ եւ վէպ մը՝ «Քոյր Կատարինէի Խոստովանութիւնները»։ Հրատարակած է պատմուածքներու հատոր մը՝ «Արմատներ» (Նիւ Եորք, 1988), իր եւ ամուսինին «Ոսկետառ» հրատարակչատան կողմէ։ Կողքի գծագրութիւնը կատարած է նոյնինքն հեղինակը։ Թերեզ Ոսկերիչեան կու տայ իրական կեանքէն պատկերներ. շահեկան են Ամերիկեան խառնարանին մէջ հասակ նետած մարգդոց ազնիւ եւ յոռի կողմերը նկարագրող էջերը, ուր հեղինակը լաւատեսութեամբ կը մեկնաբանէ մարդոց հոգեբանութիւնը[1]:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։