Մարի Թերեզ
Մարի Թէրէզ, Շնորհալի դուստրը Տոքթ. եւ Տիկ. Գէորգ Կէրկէրեանի, նախակրթարանի ուսումը ստացած է Հայ Կաթողիկէ Հռիբփսիմեանց վարժարանը, իսկ երկրորդականը Պզանսոններու աղջկանց գոլէճը։ Հակառակ ծնողքին փափաքին որ երաժշտութեան մէջ մասնագիտանա եւ չնայած որ տասը տարի ալ դաշնակիդասեր կ'առնէ ծանօթ փրֆեսորներէ՝ Մարի Թէրէզ կը յարի գծագրութեան, որուն հանդէպ բնածին տաղանդ կ'արտաբերէ։ Փոքրիկ տարիքին մէկ կողմ մեկուոացած կը գծէ ու կը գծէ։ Չորս տարի կը յաճախէ Արատէմի Լիպանէզ տէ Պօզար (Ալեքսի Պութրոս): Երկու տարի կը յաճախէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը եւ դասեր կ'առնէ Փրոֆ. Ֆլէմինկէն։
Մարի Թէրէզ | |
---|---|
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | քրիստոնեայ |
Ծնողներ | Տոքթ. եւ Տիկ. Գէորգ Կէրկէրեան |
Մասնաւոր կրթաթոշակով Բաիզ կ'ուղարկուի, ուր կը զբաղի նկարջութեամբ։ 1975էն սկսեալ բոլորովին կը նուիրուի նկարչութեան։ Իր նկարները կը ստորագրէ Մարի Թէրէզ Գա.(Գասպարեան): Առաջին անգամ խմբային ցուցահանդէսներու մասնակցած է որոնք տրուած են Իւնէսքօ (1959) եւ Ամերիկեան Համալսարան Պէյրութ (1960): Իր առաջին անձնական ցուցահանդէսը տուաւ 15 Յունիս 1979-ին Երեւանի մէջ կառավարրութեան հրաւէրով եւ արժանացաւ մեծ գնահատանքի։
Իր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 1980-ին Պէյրութի Սամըրլէնտ պանդոկի Տոմ սրահին մէջ որ դարձեալ գնահատուեցաւ արուեստագէտներու կողմէ։ Իտալական Արուեստի Կեդրոնի տնօրէնը գնահատուելով Մարի թէրէզի Սամըրլէնտի ցուցահանդէսսը՝ կը հրաւիրեն որ իրենց կեդրոնին մէջ ալ ցուցահանդէսը՝ կը հրաւիրեն որ իրենց կեդրոնին մէջ ալ ցուցահանդէս մը սարքէ։ Այս մէկը տեղի կ'ունենայ 23 Փետրուար 1981-ին ուր ներկայացուցած նկարներուն մեծամասնութիւնը կը վաճառուինՄինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր Գ. (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։