«Մարտակոչ», խորհրդային շրջանի օրաթերթ, Ռուսաստանի սոցիալ դեմոկրատական բանուորական կուսակցութեան Անդրկովկասեան երկրամասային կոմիտէի օրգան։ Լոյս տեսած է 1923-1927 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ալեքսանդր Միասնիկեան, Յարութիւն Սուրխաթեան, Աշոտ Խումարեան, Արամայիս Երզնկեան, Սարգիս Խանոյեան։

Գովազդած է խորհրդային գաղափարախօսութիւն, քննադատած մենշեւիկեան եւ բոլշեւիզմին դէմ արտայայտուած այլ կուսակցութիւններու գաղափարախօսութիւնը։ Տպագրած է մարքսիզմ–լենինիզմի դասական համարուողներու աշխատութիւնները։ Մեծ ուշադրութիւն նուիրած է Անդրկովկասի եւ միութենական միւս հանրապետութիւններու արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան՝ խորհրդային ստանդարտներով զարգացման հարցերուն, կարեւորած աշխատաւորութեան գեղագիտական դաստիարակութիւնն ու անգրագիտութեան վերացումը։ Ներկայացուցած է երկրամասի մշակութային կեանքը, գրականութեան եւ արուեստի նորութիւնները։

Թերթին մէջ յօդուածներով եւ այլ նիւթերով հանդէս եկած են կուսակցական եւ պետական գործիչներ, գիտնականներ, աշխատաւորութեան ներկայացուցիչներ։ Տպագրած է Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Յակոբ Յակոբեանի, Եղիշէ Չարէնցի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները։

«Մարտակոչ»-ին զուգահեռ՝ որպէս գրական–գեղարուեստական յաւելուած, լոյս տեսած է նոյնանուն շաբաթական պատկերազարդ հանդէսը (խմբագիր՝ Յարութիւն Սուրխաթեան), ուր լուսաբանուած են գրականութեան ու արուեստի տեսական հարցեր, պարբերաբար տպագրուած հայ խորհրդային հեղինակներու նոր գործերը, թարգմանութիւններ ԽՍՀՄ ժողւուրդներու գրականութենէն։

«Մարտակոչ»-ին նախորդած է «Կարմիր աստղ» (1920-1923) թերթը, յաջորդած՝ «Պրոլետարը» (1927-1938)։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։