Մարօ Փարթամեան
Թաւատառ գրութիւն (1947, Պէյրութ, Լիբանան), հայ աշխարհահռչակ երգչուգի։
Մարօ Փարթամեան | |
---|---|
Ծնած է | 1947 |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Պէյրութ: Փոքր հասակէն մեծ հակում ցոյց տուած է երաժշտութեան ու յատկապէս երդի հանդէպ: Վեց տարի յաճախած է տեղւոյն Պետական Երաժշտանոցը եւ եղած է առաջին կինը Միջին Արեւելքի մէջ, որ ֆրանսական փող նուագած է Լիբանանի ազգային նուագախումբին ես արաբական ուրիշ նուագախումբերու հետ: Կատարելագործելու համար իր արուեստը, Փարթամեան հետեւած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասընթացքներուն, Փրոֆ․ Թամարա Շահնազարհանի հսկողութեան տակ:
Նուագած է նաեւ Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ, 1970-էն ի վեր, Մարօ Փարթամեան հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր յաճախելով Պոսթոընի երաժշտանոցը տիրացած ձայնամարզութևան մէջ պսակաւոր արուեստից տիտղոսին եւ կատարողական արուեստի վկայականին ։
Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն Օփերայի յայտնի աստղերէն Լիլի Չուքազեանի քաջալերութեամբ եւ թելադրութեամբ Փարթամեան հաստատուած է Նիւ Եորք, երգելու համար «Էմերիքա Օփերա Սենթըր»ի մէջ, որ կը պատկանի միջազգային համբաւի տիրացած «Ճիւլիըրտ Սքուլ աւ Միւզիք»ին, որպէս ուսուցիչ ունենալով Փրոֆ․ Հենզ Հայեգը։
Մարօ Փարթամեան երդգահանդէսներ տուած է շատ մը քաղաքներու մէջ, հայ երգը պանծացնելով օտար բեմերու վրայ, իր մասնակցութիւնը բերած է բազմաթիւ հայկական ձեռնարկներու։
Ան Եղած է նաեւ օփերայի երգչուհի եւ վերցուցած կարեւոր դերեր 1971-ին Մեթրոփոլիթըն օփերայի կազմակերպած մրցանքին աւարտական բաժնի մնացող հազուագիւտ երգչուհիներէն մին հանդիսացած է։ «Լինքըն Սենթըր», «Ալիս Թիւլի Հոլ»ին մէջ ելոյթ ունեցած է, իրբեւ Պեթհովընի «Միսա Սոլեմնիս»ի մենակատարուհի (ալթօ)։