Մելքոն Կիւլիստանեան

Մելքոն Կիւլիստանեան, հայ բժիշկ։

Մելքոն Կիւլիստանեան
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Բարձրագոյն բժշկական կրթութիւն ստացած ու աշխատած է որպէս բժիշկ։ 1915 թուականի Ապրիլ 11–ին (24), ի թիւս բազմաթիւ ակնառու հայ մտաւորականներու, ձերբակալուած է եւ բանտարկուած՝ Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ։

1915 թուականի Ապրիլ 12-ին, ձերբակալուած բազմաթիւ հայ մտաւորականներու հետ, շոգեկառքով տեղափոխուած է Այաշ աւանի ծայրամասը՝ բլուրի մը վրայ գտնուող «Սարը Գըշլա» հին զօրանոց-բանտը եւ մի քանի ամիս պահուած է այնտեղ։

Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաուաքւած համրիչի՝ 99 հատիկներէն մէկի վրայ։ Մէկ այլ վարկածով, Այաշէն վերադարձած է Կ. Պոլիս։ Վերապրած է, բնակած է Կ.Պոլսիս եւ որպէս բժիշկ աշխատած։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Վիեննա, 1922։
  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Երեւան, 1991։
  • Աւագեան Կարինէ, Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի, Երեւան, 2002։
  • Աւագեան Կարինէ, «Չան­ղը­րըի 1915 թ. Ապ­րի­լի 11, Յի­շա­տակ»… Թանգարանային ցուցանմոյշը, «Հան­դէս Ամ­սօ­րե­այ», 2008, հ. 1-12։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։