Տէյմ Պարպարա Մերի Քուանթ (անգլերէն՝ Dame Barbara Mary Quant, 11 Փետրուար, 1930, Լոնտոն, Անգլիա), անգլիացի ծրագրող, հագուստի գծագրիչ։ Կարճ կիսաշրջազգեստներու ստեղծողներէն մէկը կը համարուի[6]։

Մերի Քուանթ
անգլերէն՝ Dame Barbara Mary Quant
Ծննդեան անուն Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "lang-mul" does not exist։
Ծնած է 11 Փետրուար, 1930
Ծննդավայր Անգլիա
Մահացած է 13 Ապրիլ 2023(2023-04-13)[1][2][3] (93 տարեկանին)
Մահուան վայր Farley Green, Միացեալ Թագաւորութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն Կաղապար:Country data Միացեալ Թագաւորութիւն Միացեալ Թագաւորութիւն
Ուսումնավայր Blackheath High School?[3]
Գոլդսմիթի համալսարան?[3]
Մասնագիտութիւն նորաձեւութեան հնարիչ
Ամուսին Alexander Plunket Greene?[4][3]
Ծնողներ հայր՝ Jack Quant?[5]
Երեխաներ Orlando Plunket Greene?[5][3]
Կայքէջ maryquant.co.uk(անգլերէն)

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Լոնտոն, աւարտած է Գոլտսմիթի գեղարուեստի քոլէճը։ Նոյեմբեր 1955-ին, ապագայ ամուսինի՝ Ալեքսանտր Փլանքիթ Գրինի եւ ընկերոջ՝ Արչի Մաքնեյրի հետ Չելսիի մէջ կը բանայ «Պազար» խանութը, ուր կը ներկայացնէր 1960-ական թուականներու երիտասարդական փողոցային հագուստի ոճը։ Այդ ժամանակ տարածում կը գտնէ իգականութեան գաղափարը․ կանացիութիւնը դասական հասկացութեան մէջ դուրս կու գայ նորաձեւութենէն («հեշտալի մարմինը» կոչուած)։ Փոխարէնը, նորաձեւ կը համարուին երկար բարակ ոտքերը եւ այդ պատճառով Մերի Քուանթ կը պատրաստէ կարճ կիսաշրջազգեստը։ Կը յօրինէ «Լոլիտա» եւ «Աշակերտուհի» կերպարները։ Կը ներկայացնէ Wet հաւաքածուն՝ անձրեւանոցներ եւ ցածրակրունկ կօշիկներ։ Ոչ գործնական փոքր պայուսակները կը փոխարինէ երկար գօտիներով ուսէն կախուած պայուսակներու։ Անոր շնորհիւ նորաձեւութեան դասակարգին կը մտնեն մարմինը պիրկ գրկող բազմագոյն տաբատները, զամշէ հագուստը, բարձր սալայատակով կօշիկները, հասարակ կարճ մազի ձեւը եւ վառ դիմահարթարումը։ Բացի այդ, Մերի Քուանթին կը համարուի The Rolling Stonesի խուլիկանական ոճի ստեղծումը, որ մաքուր եւ սանրուած Պիթըլզներու հակապատկերն էր։ Մերին առաջիններէն էր, որ սկսաւ համադրական նոր նիւթեր օգտագործելու։ 1962-ին, Քուանթը ստեղծեց կարճ կիսաշրջազգեստներով հաւաքածու, իսկ 1966-ին 16 տարբեր ընկերութիւններու հետ կ՛աշխատէր։ Նոյն թուականին ստացաւ Անգլիական կայսրութեան շքանշան։

1970-1980-ական թուականներուն, Քուանթն կ՛աշխատէր զարդատեղի եւ տան պարագաներու գծագրութեան վրայ, իսկ 1988-ին նախագծեց «Մինի» ինքնաշարժի ներքին ձեւը[7]։ Ներկայիս կը զբաղի առանձին ապրանքներու նախագծմամբ[8]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել