Մժեղի խայթուածք

Մժեղ
Մժեղի խայթուածք
Aedes aegypti
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Դաս Միջատներ
Կարգ Երկթեւանիներ
Ընտանիք Մժեղներ
Լատիներէն անուանում
Culicidae



Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Մժեղի խայթուածք, յատկանշական է կարմրած մորթի պզտիկ ուռեցքով, քերւըտուքով եւ մեղմ ցաւով[1]:

Մժեղներու աւելի քան 3500 տեսակ կայ, որոնցմէ միայն քանի մը տեսակները կը խայթեն մարդիկը: Եւ միայն էգ մժեղներն են, որոնք կը խայթեն. անոնց պէտք է արիւն` իբրեւ սպիտակուցի աղբիւր` իրենց ձուերուն բնականոն աճին համար:

Այդ ստանալու համար անոնք կը ծակեն իրենց ընտրած թիրախին մորթը` օգտագործելով իրենց ասեղանման ծծոցը: Այդ մէկը կրնայ յառաջացնել քերուըտուք, ուռեցք եւ նոյնիսկ լուրջ հիւանդութիւն:

Խայթոցէն յառաջացած քերուըտուքն ու ուռեցքը կրնան տեւել քանի մը օր: Քերելը կրնայ յանգիլ վարակի եւ շատ քիչ մարդոց մօտ ալերժիք հակազդեցութեան, որ կրնայ յանգիլ անաֆիլաքթիք կաթուածի:

Արու մժեղները

Խմբագրել

Արու մժեղները կը սնանին ծաղիկներուն վրայէն անոնց նեկտարը ծծելով: Սակայն մժեղներու տեսակներուն մեծ մասին էգերու սննդականոնը կազմուած է արիւնէ: Անոնք կը խայթեն անասունները (կով, հաւ, շուն, կատու, եւ այլն) եւ, կարգ մը պարագաներու, մարդիկը: Այս արիւնը անոնց ուժ կու տայ` իրենց հաւկիթները ածելու:

Էգ մժեղներ

Խմբագրել

Էգ մժեղներուն ծծոցը մորթը կը ծակէ: Անիկա կազմուած է երկու մասէ. մէկ մասը արիւնը կը ծծէ, մինչ միւս մասը լորձունք կը ներարկէ: Այս հեղուկը մորթը կը թմրեցնէ եւ այս ձեւով արգելք կ'ըլլայ, որ արիւնը թանձրանայ:

Էգ մժեղներուն լորձունքը առաջին հերթին թմրեցուցիչ յատկութիւն ունի, սակայն անիկա շուտով նեղացուցիչ կը դառնայ: Ան է, որ մանր ուռեցք մը կը յառաջացնէ եւ մենք կը քերուինք: Ասիկա քանի մը օր ետք կ՛անհետանայ:

Ածխաթթու կազը` քաշողականութեան գործօն
Խմբագրել

Մարդիկ, գրեթէ բոլոր այլ կենդանի էակներուն հետ միասին, բջիջային շնչառութեան արդիւնքով կ'արտադրեն ածխաթթու կազ (CO2), ջերմութիւն եւ խոնաւութիւն: Ասոնք են, որ սկզբնապէս կը գրաւեն մժեղները:

Էգ մժեղները կը յայտնաբերեն CO2-ն, ինչպէս նաեւ` մարդու մորթի այլ հոտաւէտ նիւթերը, օգտագործելով մեծապէս զգայուն ջղային բջիջները, որոնք կը կոչուին «cpA նիւրոն»ներ:

Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ մժեղներու երեք տարբեր տեսակներ, որոնք տարբեր տեսակի հիւանդութիւններ կը կրեն, կը դառնան գործուն եւ կը գրաւուին CO2-ով: Բայց բոլորը կ'արտաշնչեն CO2, ուստի ասիկա չի կրնար բացատրել, թէ ինչո՛ւ մժեղները աւելի շատ կը խայթեն որոշ մարդիկ, քան ուրիշներ:

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ կ'ենթադրուի, թէ որքա՛ն բարձր ըլլայ CO2-ի արտաշնչումը, այնքա՛ն մեծ կ'ըլլայ գրաւչութիւնը: «Մարմինի աւելի մեծ զանգուած ունեցող անհատները, ըստ երեւոյթին, աւելի գրաւիչ են մժեղներու եւ միջատներու. բան մը, որ կրնայ կապուած ըլլալ նաեւ այլ գործօններու հետ, ինչպիսիք են մակերեսի աւելցումը եւ յաւելեալ CO2-ի արտաշնչումը», կը գրեն հեղինակները:

Կաթնաթթու (Lactic Acid)

Խմբագրել

Շարք մը հետազօտութիւններ յայտնաբերած են կաթնաթթուն` իբրեւ այլ քիմիական նիւթ մը, որ գրաւիչ է մժեղներուն համար: 1968-ին ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ կաթնաթթուն կը գրաւէ դեղին տենդի հիւանդութիւնը կրող էգ մժեղները:

Մորթի պաքթերիաներ

Խմբագրել

Մարդիկ ծածկուած են միլիոնաւոր պաքթերիաներով, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին մորթը առողջ պահելու համար:

Ուսումնասիրութիւն մը հետազօտած է այդ մէկը Anopheles gambiae-ի հետ, որ մալարիա կրող տեսակ է: Սկիզբը անոնք փորձարկեցին 48 տղամարդու մորթի պաքթերիաներու բաղադրութիւնը նախքան անոնց ոտքերուն վրայ ապակեայ հլուններ գլորելը` իբրեւ խայծ մժեղներուն:

Անոնք պարզած են, որ տղամարդոցմէ ինը շատ գրաւիչ են մժեղներուն համար, եօթը` ոչ գրաւիչ, իսկ մնացածը` երկուքին միջեւ:

Ցնդող նիւթեր
Խմբագրել

Մորթի բոլոր պաքթերիաները քրտինքի եւ ճարպի միացութիւնները կը վերածեն ցնդող նիւթերու, որոնցմէ քանի մը հատը կը գրաւեն, իսկ ուրիշները կը վանեն մժեղները:

Ճարպերու պարագային, ուսումնասիրութիւն մը կ'ենթադրէ, որ երկու յագեցած (saturated) ճարպային ալտեհիտներ` տեքանալը եւ անտեքանալը, հոտաւէտ նիւթեր են, որոնք կը գրաւեն մժեղները: Ճարպի բաղադրութիւնը եւ երկար շղթայական ալտեհիտներու մակարդակները տարբեր են մարդոց միջեւ: Ասիկա կրնայ եւս մէկ պատճառ ըլլալ ընտրովի մարդիկ խայթելու համար:

Արեան խմբաւորում

Խմբագրել

Աւելի քան մէկ հետազօտութիւն հետաքննած է արեան խմբաւորման ազդեցութիւնը` խայթելու պարագային:

Արեան «Օ» խմբաւորում ունեցող մարդիկ կը համարուին գրեթէ կրկնապէս աւելի շատ «համեղ կերակուր» մժեղներուն համար, քան` «Ա» խմբաւորում ունեցողները:

Այնուամենայնիւ, կայ որոշակի փոխհատուցում արեան «O» խմբաւորում ունեցողներուն համար: Եթէ մարդը խայթած մժեղը կը կրէ մալարիայի մակաբոյծը, ապա «O» խումբի մարդիկ շատ աւելի քիչ հաւանական է, որ հիւանդանան ծանր մալարիայով, քան` արեան այլ խմբաւորումներ ունեցող մարդիկ[2]:

Մժեղի խայթոցներէն պաշտպանում

Խմբագրել

Կարգ մը մժեղներու խայթոցը կրնայ հիւանդութիւններ յառաջացնել. հակառակ ասոր, կարելի չէ բոլոր մժեղները դեղերով փճացնել: Բարեբախտաբար կարելի է անոնց խայթոցներէն խուսափիլ երկար թեւերով հագուստներ եւ տաբատներ հագուելով, անկողինին շուրջ մժեղի յատուկ ցանց մը դնելով, կամ մժեղները հեռացնող յատուկ նիւթեր քսելով մեր մորթին վրայ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել