Միքայէլ Եէմէնճեան

Միքայէլ Եէմէնճեան, Կ. Պոլսէցի ուսուցիչ:

Միքայէլ Եէմէնճեան
Ծնած է 1879
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ

Եէմէնճեան ծնած է 1879-ին Կ. Պոլիս, Կեսարացի ընտանիքէ։ Մանկութեան հասակին Կեսարիա գացած է, ուր Կիւմիւշեան Վարժարանի եւ ապա Ս. Կարապէտի Բարձր. Վարժարանի մէջ կ'ուսանի: Իբր Գ. Էսաեան սան Ա. կարգի վկայականով դպրոցը աւարտելէ ետք՝ անմիջապէս յետոյ, ըստ իր յանձնառութեան, ուսուցչական ասպարէզ կը մտնէ Կիւմիւշեան Վարժարանին մէջ պաշտօն վարելով 1896-1901: 1901-ին Փարիզ կ'երթայ իր ուսումը կատարելագործելու, յետոյ Ամերիկա կ'անձնի: Աշխատակցած է 1897-ին Արեւելեան Մամուլին եւ 1897-9 Լէյաքիմ ստորագրութեամբ թղթակցութիւններ ունի Արեւելքի եւ Սուրհանդակի մէջ: (Ալպ. «Հայ Կեսարիա» 1197):

Աղբիւրներ Խմբագրել