Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի վանք
Գլակայ վանք (Մշոյ Ս. Կարապետ, Իննակնեան վանք), վանքային համալիր Մեծ Հայքի Տուրուբերան նահանգի Տարօն գաւառին մէջ (այժմ՝ Թուրքիոյ տարածքին մէջ), կը գտնուի Աշտիշատէն ոչ հեռու, եղած է հեթանոսական մեհենատեղի, որ վանքի վերածուած է քրիստոնէութեան ընդունման օրերուն՝ Դ.դար։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՄշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի վանքը կը գտնուի Մշոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմը, Քարքէ լերան հարաւ-արեւելեան լանջին: Ըստ աւանդութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Գիսանէի եւ Դեմետրի հեթանոսական մեհեանները կործանելէ ետք նոյն վայրին վրայ կը կառուցէ վանք մը, հոն զետեղելով Ս.Կարապետին եւ Աթանագինէս եպիսկոպոսին նշխարները:
Առաջին վանահայրը եղած է Զենոբ Գլակ, եւ անոր անունով ալ հետագային վանքը կոչուած է Գլակայ վանք[1]:
Վանքը ունէր ընդարձակ կալուածներ եւ Տարօնի, Վարդոյի, Ճապաղջուրի, Խնուսի ու Պուլանըխի գիւղացիներէն պտղի կը հաւաքէր:
Տարօնի առաջնորդութիւնը եւ Ս. Կարապետի վանքին վանահայրութիւնը ստանձնելով Մկրտիչ Խրիմեան վարդապետ առաջին հերթին Սեպտեմբեր 1862-ին Ս. Կարապետի վանքին մէջ Ժառանգաւորաց վարժարան մը բացած է: Շրջակայ գիւղերէն տասնեակ մը պատանիներ հաւաքուած են հոն, որոնց դաստիարակութիւնը Գարեգին Սրուանձտեանցին եւ Յակոբ Աղուանեանին յանձնուած է:
Մկրտիչ վարդապետ նոր կարգ ու կանոն հաստատած է վանքին մէջ, վերակազմած՝ վանական կեանքը եւ վերահսկողութեան տակ առած՝ տնտեսական գործերը: Վանահօր հսկողութեամբ կազմուած է վանական տնտեսական խորհուրդ մը:
Ս. Կարապետի վանքը՝ հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոն
ԽմբագրելՍ. Կարապետի վանքը հոգեւոր, մշակոյթի ու գրչութեան մեծ կեդրոն եւ սրբատեղի եղած է եւ Ս. Էջմիածինէն ետք իր հեղինակութեամբ երկրորդը կը նկատուէր, արժանանալով մենաստաններու մայրաքաղաք կոչումին: Պարսպապատ մենաստանը եւ շրջակայ անտառները թշնամիներու յարձակումներու եւ կոտորածներու ատեն շրջակայ գիւղերու բնակիչներուն համար փրկութեան տապան եղած են:
Ս. Կարապետի վանքը՝ ուխտատեղի
ԽմբագրելՍ. Կարապետ մեծ ուխտատեղի էր: Հոն մեծ տօնախմբութիւններ կը կազմակերպուէին Վարդավառին եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօներուն, երբ տեղի կ'ունենային նաեւ ձիարշաւներ, լարախաղացութիւններ եւ գուսաններու մրցոյթներ եւ կը կազմակերպուէին տօնավաճառներ: Մեծաթիւ մատաղցու կենդանիներ կը զենէին եւ մատաղ կը պատրաստէին ու կը բաժնէին: Տօնախմբութիւններուն կը մասնակցէին մինչեւ հեռաւոր գաւառներէ եւ երկիրներէ ժամանած բազմահազար ուխտաւորներ:
Ս. Կարապետ մուրազատու էր, ամենաբոյժ եւ շնորհ պարգեւող: Ս. Լուսաւորիչի աղբիւրը, որ ըստ աւանդութեան կառուցուած էր Տրդատ Մեծ թագաւորին կողմէ, եւ ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ բազում քրիստոնեաներ մկրտած էր, ամէն ցաւ կ'ամոքէր, կը բժշկէր եւ մարմնական արատները կը բուժէր:
Ս. Կարապետի ուխտագնացութեան նուիրուած շատ երգեր պահպանուած են ժողովրդային բանահիւսութեան մէջ:
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
ԽմբագրելԳրականութիւն
Խմբագրել- Տրդատ եպս. Պալեան, Հայ վանորայք, հրատարակութեան պատրաստեց Կարինէ Աւետեան, Ս. Էջմիածին, 2008։ Archived 2016-03-22 at the Wayback Machine.
- Հ. Համազասպ Ոսկեան, Տարօն-Տուրուբերանի վանքերը, Վիեննա, տպ. Մխիթարեան, 1953, 269 էջ։