Մոնաքոյի Շրջագիծը

Մոնաքոյի Շրցագիծ, Մոնաքոյի մրցաշարքին ուղին: Կ'ընթանայ Մոնթէ Քարլօ եւ Լա Քոնտամինէ շրջաններու ճամբաներէն՝ ի միջանկեալ նաւահանգիստը։ Տարիներու ընթացքին մրցաշարքի ուղին մշտական նորոգութիւններու ենթակայ եղած է։

Մոնաքոյի Շրջագիծ․ նկարը կը ցուցնէ ճամբաներէն որ կ՛ ընթանայ
Մոնաքոյի Շրջագիծ․ քարտէսը կը ցուցնէ ճամբաներէն որ կ՛ ընթանայ

Կազմակերպութիւն

Խմբագրել
 
1929-ի նկար․ Ուիլիամ Կրովըր-Ուիլիամս եւ իր Պուկաթի ինքնաշարժը

Մոնաքոյի մրցաշարքին կազմակերպութեան գաղափարը յղացած է «Մոնաքոյի Ինքնաշարժներու Ակումբ»ին* (Automobile Club de Monaco) նախագահը՝ Անթոնի Նոկես, Կրիմալտի ընտանիքին (Իշխանապետութիւնը ղեկավարող գերդաստանը) բարեկամը։

Առաջին մրցաշարքը տեղի ունեցած է 14 Ապրիլ 1929-ին եւ յաղթական հանդիսացած է Ուիլիամ Կրովըր-Ուիլիամս Պուկաթի «Bugatti » մակնիշի ինքնաշարժով։

  • «Մոնաքոյի Ինքնաշարժներու Ակումբ»ը ամէն տարի կը կազմակերպէ «Մոնթէ Քարլօ մրցաշարք»ը եւ «Մոնաքոյի Պատանի Վարորդներու Բաժակի մրցաշարք»ը «Junior Monaco Kart Cup»։

Հակիրճ տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Մոնաքոյի Շրջագիծին կառուցումը կը լրանայ վեց ամսուան ընթացքին։ Մրցաշարքին ուղին նեղ է, բազմաթիւ ելեւէջներով եւ սեղմ անկիւններով: Սակայն այդ յատկանիշներն են, որ զայն կը բնագրեն որպէս «Ֆորմիւլա-1»-ի ամենապահանջկոտ մրցաշարքը: Մօտ հարիւր տարուան պատմութեան ընթացքին մրցաշարքը կրած է բազմաթիւ փոփոխութիւններ։

Մրցաշարքին շրջագիծերը տարիներուն ընթացքին

Խմբագրել

Շրջագիծին ընթացքը (պատկերասրահ)

Խմբագրել

[1] [2] [3] [4]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Աքրոփոլիս Ինքնաշարժներու Մրցաշարք

Տաքար մրցաշարք

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել