Մորթի այրուածքներ

Մորթի այրուածքի ախտանշանը մորթի բացայայտ վէրքն է իր զանազան երեւոյթներով` մորթի կարմրութիւն, ուռեցք, կորուստ եւ ջրափշտիկներ:

Մորթի այրուածքները կը դասակարգուի` ըստ այրուածքին յառաջացուցած վէրքի խորութեան, տարածութեան եւ ախտանշաններու տարողութեան:

Այրուածքի աստիճաններ

Խմբագրել

Առաջին աստիճանի այրուածքը միայն մակերեսային է, կը տեւէ քանի մը օր եւ կը յայտնուի ցաւով ու մորթի կարմրութեամբ եւ կրնայ դիւրաւ վերածուիլ երկրորդ աստիճանի այրուածքի:

Երկրորդ աստիճանի այրուածքը կը յայտնուի ցաւով, մորթի կարմրութեամբ, վէրքի շրջապատի ուռեցքով եւ ջրափշտիկներով: Կը տեւէ 2-3 շաբաթ:

Երրորդ աստիճանի այրուածքը կը յայտնուի այրած եւ փճացած մորթով, որ կ'ունենայ տարբեր-տարբեր գունաւորումներ, բացուած ջրափշտիկներ եւ բաց, խորունկ ու մեծ վէրքեր, ինչպէս նաեւ` մարմնական ջրանուազումով: Ան մորթի որոշ սպիացումի հետք կը ձգէ:

Մարմինի մակերեսի 20 առ հարիւրէն աւելի մեծ` երկրորդ եւ կամ երրորդ աստիճանի այրուածքի պատճառով տեղի կ'ունենայ զգալի մարմնական ջրանուազում, որուն ախտանշաններն են` ծարաւ, փսխուք, կեդրոնացումի պակաս, մոռացութիւն, արագ սիրտի զարկ, զարկերակային ճնշումի նուազում, մէզի նուազում եւ մարմնին մէջ կալիումի կորուստ:

Նկար Աստիճան
  Առաջին աստիճանի այրուածք
  Երկրորդ աստիճանի այրուածք
  Երկրորդ աստիճանի այրուածք
  Երրորդ աստիճանի այրուածք
  Չորրորդ աստիճանի այրուածք

Միջոցառումներ

Խմբագրել

Առաջին աստիճանի այրուածքները ընդհանրապէս յատուկ դարմանումի չեն կարօտիր. միայն լուալ այրուածքը մաքուր եւ պաղ ջուրով[1]:

Մեծ այրուածքներու պարագային`

  • Կեդրոնանալ հիւանդին շնչառութեան, սիրտի զարկին, արեան ճնշումին, գիտակցութեան եւ արթնութեան վրայ, ապա կատարել շտապ օգնութիւն՝ ըստ կարիքի:
  • Հեռացնել ենթական կրակէն, քիմիական նիւթերէն, ապա մարել կրակը:
  • Անջատել ելեկտրական հոսանքը զոհէն:
  • Հանել զոհին այրած հագուստները, սակայն չդպչիլ անոնց, եթէ անոնք հիւանդին մարմինին փակած են:
  • Պահել հիւանդը տաք եւ ապահով տեղ մը:
  • Չծածկել մեծ վէրքը որեւէ օծանով:
  • Տալ հիւանդին ցաւազրկող դեղեր:
  • Երկրորդ կարգի պզտիկ այրուածքներու պարագային, լուալ օճառով եւ մաքուր` գաղջ ջուրով, ծածկել օծանով եւ կամ գաղջ ջուրի մէջ թաթխուած մաքուր լաթով մը:
  • Երրորդ աստիճանի պարագային, չլուալ վէրքը եւ ո՛չ ալ օծան եւ կամ փոշի գործածել. միայն ծածկել մաքուր լաթով մը:
  • Մեծ տարածութեամբ երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքի պարագային, չզովացնել հիւանդը, այլապէս ան կրնայ ունենալ ջերմանուազում:
  • Զոհը արագօրէն փոխադրել մօտակայ հիւանդանոց, երբ`

ա.- Զոհը անգիտակից եւ շնչահեղձ է:

բ.- Երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքը կը գտնուի դէմքին, աչքերուն եւ ձեռքերուն վրայ:

գ.- Մարմինի մակերեսին 15 առ հարիւրէն աւելին այրած է:

դ.- Այրուածքը երրորդ աստիճանի է եւ կամ երկրորդ աստիճանի, բայց մեծ է:

ե.- Զոհը անչափահաս է եւ կամ տարեց է:

զ.- Այրուածքը ելեկտրականութեան հոսանքի հետեւանք է:

է.- Զոհը արդէն կը տառապի այլ մտահոգիչ հիւանդութենէ մը:

Հիւանդանոցային խնամքը կը կատարուի` ըստ հիւանդին առողջական ընդհանուր վիճակին եւ այրուածքին տարողութեան: Խորունկ այրուածքներ կը կարօտին մորթային ինքնապատուաստումի, այսինքն հիւանդին մարմինի զանազան մասերէն առողջ մորթի պատուաստում կը կատարուի ծածկելու համար բոլորովին բաց վէրքերը:

Դարմանումի ընթացքին բժիշկը առաւելագոյն ուշադրութեամբ կը խնամէ հիւանդը, որպէսզի չպատահին մորթային մնայուն կարծր սպիացում եւ կծկում-պրկուածութիւն, ինչպէս նաեւ՝ յօդերու անշարժացում: Դարմանումին մաս կը կազմեն նաեւ ֆիզիքական միջոցառումները, ի մասնաւորի`բարեխառն ջերմութեան գործածութիւնն ու մարզանքը, որպէսզի յօդային կարծրացում եւ անշարժացում, ինչպէս նաեւ մորթային կծկում-պրկուածութիւն չյառաջանան: Այս բարդութիւններու պարագային, մորթային ինքնապատուաստումը  դարձեալ պարտաւորիչ կը դառնայ: Հիւանդին կը ներարկուի պրկախտի պատուաստ, կը տրուին բնասպիտով հարուստ սննդանիւթեր եւ կենսանիւթեր: Ըստ կարիքի, կը կատարուի նաեւ արեան փոխներարկում:

Դէմքի, աչքերու, քիթի, շրթունքներու այրուածքները ընդհանրապէս սովորական դարմանումներու կողքին, կը կարօտին նաեւ գեղագիտական վիրաբուժութեան եւ մորթային ինքնապատուաստումի: Վիզի այրուածքը կրնայ ստեղծել շնչառական համակարգի դժուարութիւններ՝ շնչահեղձութիւն, ձայնի խռպոտութիւն, խռչափողատապ, ցնցղատապ, թոքատապ, շնչահեղձութիւն եւ կապտախտ: Այս բոլոր բարդութիւնները կրնան կարօտիլ շնչափողածակումի:

Ելեկտրական հոսանքի եւ կայծակի այրուածքներ

Խմբագրել

Ելեկտրական այրուածքը կը յառաջանայ ելեկտրական հոսանքի եւ կամ կայծակի ուղղակի ենթակայ ըլլալով: Այս այրուածքը կ'ունենայ ելեկտրական հոսանքի մուտքի եւ ելքի կէտերը, որոնք յաճախ նշմարելի չեն ըլլար մորթին վրայ: Ելեկտրական հոսանքը մորթի մակերեսէն անցնելէ ետք, կը քալէ առաւելաբար ջիղերու եւ մկաններու հիւսկէններու վրայէն եւ կը հասնի մարմինի զանազան օրկաններուն: Ան կը յառաջացնէ մակերեսային մորթային այրուածք, ներքին օրկաններու վնաս, սիրտի անկանոն զարկ, շնչահեղձութիւն եւ շնչադադար: Ելեկտրական հոսանքը իր վնասները կը հասցնէ՝ ըստ իր տեսակին, զօրութեան, տեւողութեան եւ մուտքի վայրին, ինչպէս նաեւ`մարմինի դիմադրողականութեան:

Ելեկտրական այրուածքի ախտանշանները
Խմբագրել

Ելեկտրական այրուածքի ախտանշանները կրնան ըլլալ.

  • Մակերեսային մորթի այրուածք,
  • մկանային ակամայ պրկումներ եւ ցնցումներ,
  • սիրտի արագ զարկ,
  • շնչահեղձութիւն եւ շնչադադար,
  • գիտակցութեան կորուստ,
  • ուղեղային վնաս,
  • մկանային անշարժութիւն եւ անդամալուծութիւն,
  • ներքին օրկաններու վնաս եւ փճացում,
  • ոսկրային կոտրուածքներ,
  • գանկային վնաս:

Կայծակնահար անհատը կ'ունենայ անցողակի եւ կամ մնայուն հետեւանքներ` ըստ կայծակի ուժգնութեան եւ տեւողութեան: Ան կրնայ ունենալ`

  • մորթային այրուածք,
  • ներքին օրկաններու վնասներ,
  • ուղեղային եւ ջղային դրութեան վնասներ,
  • մոռացկոտութիւն,
  • շփոթութիւն,
  • անգիտակցութիւն,
  • ոտքի եւ ձեռքի անզգայութիւն ու անշարժութիւն,
  • ականջաթմբուկի պատռուածք,
  • ակնազօդ,
  • հոգեբանական խանգարում,
  • անքնութիւն,
  • սիրտի անկանոն զարկ,
  • սրտադադար եւ մահ:

Դարմանում

Դարմանումը կը կայանայ` ըստ կայծակնահարութեան զօրութեան եւ հիւանդին առողջական ընդհանուր վիճակին: Անգիտակցութեան եւ շնչադադարի եւ կամ սիրտի զարկի բացակայութեան պարագային, կը կատարուի շտապ վերակենդանացում, որմէ ետք հիւանդը կը փոխադրուի հիւանդանոց, ուր կը կատարուին դարմանումի անհրաժեշտ միջոցառումները[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել