Մուսուլի Հայերը

Մուսուլի Հայերը, Մուսուլը պատմական հին ասորական Նինուէ քաղաքի դիմացի կողմը, Տիգրիս գետի աջ ափին է։ Այն հիմնուած է հին ժամանակներէ մնացած փոքր գաղթավայրերու միացումով:

Մուսուլը՝ Տիգրիս գետի աջ ափին

Մուսուլը Իրաքի հիւսիսային հինգ նահանգներէն մէկուն՝ Նինուէին, կեդրոնն է։ Նահանգին սահմաններն են, հիւսիսէն՝ Թուրքիան եւ արեւմուտքէն՝ Սուրիան։

Հայ Գաղթօճախներու Գոյացումը

Խմբագրել

Միջագետքի հիւսիսային սահմանին վրայ հայ գաղթօճախներ կը սկսին ստեղծուիլ 10-րդ դարուն երբ Բիւզանդական կայսրութիւնը կը յաջողի գրաւել խալիֆայութեան ձեռքէն Սուրիոյ եւ Միջագետքի հիւսիսային շրջանները: Այս շրջաններու բնակչութիւնը ձգելով իր բնակավայրը կը հեռանան նահանջող բանակին հետ: Բիւզանդացիներ իրենց գրաւած վայրերուն մէջ կը բերեն ու կը բնակեցնեն հայեր, յոյներ եւ ասորիներ:

10-րդ դար

Խմբագրել
 
Մուսուլի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հիմնաքարը

10-րդ դարու վերջերը, Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, հայ բնակչութիւն թիւի աճով կը ստեղծուի առանձին թեմ: Այդ թեմը, որուն հարաւային մասը մինչեւ Մուսուլ կը հասնէր, ենթարկուած էր Աղթամարի կաթողիկոսութեան: Այդ գաղթօճախները երկար չեն տեւած:

10-րդ դարու կէսերուն, երբ սելճուքներ կը նուաճեն Իրաքը, անոնց վայրագութիւններէն, առաջին հերթին, հայերը կը տուժեն: Յետագային, այդ գաղթօճախները նոր հարուած կը կրեն Մոնկոլներու արշաւանքէն 1250ական թուականներուն, երբ անոնք սելճուքներու ձեռքէն կը գրաւեն այս շրջաններն ու այլուր՝ Իրաքի մէջ:

11-րդ դար

Խմբագրել

Նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին 11-րդ դարուն, Մուսուլի եւ մօտակայ շրջաններուն մէջ հայկական նոր գաղթօճախներ կը ստեղծուին․ Էջմիածինի մէջ պահուած 1352-ին Մուսուլի մէջ հայկական ձեռագիր քարոզագիրք մը՝ «գրեալ ի քաղաք Մուսուլի, ի Մանուէլ քահանայէ», կ՛ապացուցանէ թէ 14-րդ դարուն Մուսուլի մէջ ոչ միայն հայեր կային, այլ՝ կար քահանայ, հոգեւոր հովիւ եւ եկեղեցի, ինչպէս միւս քրիստոնեայ համայնքները: Իսկ Լենք Թիմուրի 1397-ի արշաւանքէն վերջ, բոլոր այս եկեղեցիները կ'անհետանան:

Օսմանեան տիրապետութիւնն ու Մուսուլի հայկական գաղոութը

Խմբագրել

Երբ կը սկսի Օսմանեան տիրապետութիւնը (1638-էն ետք), փոքր թիւով հայեր կ՛երթան Մուսուլ` որպէս պետական պաշտօնեաներ, ուրիշներ առեւտուրի նպատակով, մաս մըն ալ` հալածանքներէ ազատելու համար, մասնաւորապէս` Սղերդէն, նաեւ` Թոքաթէն, Տիգրանակերտէն եւ այլ տեղերէ: Երիտասարդներ երբեմն խնամիական կապեր հաստատած են տեղացի քրիստոնեաներու հետ: Մեծ մասը կը ձոիլուի տեղացի քրիստոնեաներու մէջ, հետեւաբար Մուսուլի քրիստոնեայ առաջնակարգ դիրքի վրայ գտնուողներէն մաս մը ծագումով հայեր եղած են:

Առաջին ուղեւորը` հոլանտացի տոքթ. Լէոնալտ Ռաուլֆը, 1573-76 տարիներու արեւելք ուղեւորութեան մասին գրած ատեն յիշած է, թէ Մուսուլի մօտ Գարագոշ գիւղին մէջ հանդիպած է հայերու: Երկրորդը` ֆրանսացի Թաւեռնիէ, «Իրաք` 17-րդ դարուն» անունով գիրքին մէջ կը յիշէ, թէ 1644-ին հանդիպած է Մուսուլ, ուր կը բնակէին քրիստոնեայ համայնքներ, որոնց մէջ ի միջի այլոց նաեւ` հայեր: Երրորդը` դանիացի Քրիսչիէն Նիփոն, որ Իրաք այցելած է 1760-ական թուականներուն, «Ուղեւորութիւն Իրաք 18-րդ դարուն» իր գիրքին մէջ գրած է, թէ Մուսուլի հիւսիսային կողմը, Պէյսան անունով գիւղ մը հանդիպած է, ուր քանի մը հայ ընտանիքներ կ’ապրէին: Չորրորդ մը` Օլիվիէ, «Ուղեւորութիւն դէպի Իրաք 1794-96» խորագրեալ գիրքին մէջ կը յիշէ, թէ Մուսուլի փաշան` Մոհամետ Էմին Ճալիլին մեծ ջանք թափած է Սինճարի բնակիչները, որոնց կարգին` հայերը, բերելու եւ բնակեցնելու Մուսուլ, որպէսզի հողագործութեամբ զբաղին եւ իրենց հունձքը ծախեն քաղաքին մէջ: Հինգերորդը` Մոհամետ Ահմետ Հիւսէյնի «Մունշի Պաղտատի» ուղեւորութեան գիրքին մէջ կը յիշէ, որ Պաղտատ գտնուած միջոցին անգլիական հիւպատոս Քլոտիոս Ռիչի եւ Աղա Մինասի հետ այցելած են Մուսուլ, 1820-ին, եւ հոն հանդիպած են հայերու, որոնք, կը վկայէ ան յարգուած տարեր էին:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Թաւեռնիէ, «Իրաք՝ 17րդ դարուն»։