Յակոբ Եափուճեան

Յակոբ Եափուճեան ծնած է 24 Ապրիլլ, 1945-ին, Պէյրութի մէջ։ Իր մահկանացուն կնքեց 3 Փետրուար, 2018-ին Պէյրութ, Լիբանան: Ազգային-կուսակցական գործիչ: ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամ:

Յակոբ Եափուճեան
Ծնած է 24 Ապրիլ 1945(1945-04-24)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 3 Փետրուար 2018(2018-02-03) (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Կարողութիւն ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան մէջ վարած է պատասխանատու պաշտօններ
Մասնագիտութիւն հաշուապահութիւն-տնտեսութիւն
Աշխատավայր ՀՅԴ Բիւրոյի հաշուապահական-տնտեսական հարցերու խորհրդատու, Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինի ատենապետ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Յակոբ Եափուճեան ծնած է 24 Ապրիլ, 1945-ին, Պէյրութի մէջ։ Շրջանաւարտ է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանէն: Աւարտած է Սեն Ժոզէֆ համալսարանի հաշուապահութիւն-տնտեսութիւն բաժինը: Փոքր տարիքէն եղած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ։ Ուսանողական տարիներուն Զաւարեան Աշակերտական Միութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան մէջ վարած է պատասխանատու պաշտօններ:

Միութենական գործունէութիւն Խմբագրել

Յակոբ Եափուճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան հիմնադիր Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղած է: ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամ եղած է: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Ան երկար տարիներ եղած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի հաշուապահական-տնտեսական հարցերու խորհրդատու:

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան գործունէութիւն Խմբագրել

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան մէջ Յակոբ Եափուճեան գործունէութիւնը եւս բեղուն եղած է: Համազգայինի հաւատաւոր անդամներէն եղած է` իր ազգային գործունէութեան ամբողջ շրջանին: Յակոբ Եափուճեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ նշանակուած է (նշանակովի շրջանին), մասնակից` Համազգայինի նոր կազմակերպական ձեւի մշակումի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մասնակից` բոլոր պատգամաւորական ժողովներուն: Երկու յաջորդական շրջան վարած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Ան 3 յաջորդական շրջաններ եղած է Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինի ատենապետ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամական աշխատանքներ Խմբագրել

Յակոբ Եափուճեան գործունէութիւնը եղած է նոյնպէս բեղուն: Ան Ազգային կեդրոնական վարչութեան երկար տարիներու անդամ եղած է: Նաեւ` Ազգային կեդրոնական վարչութեան Տնտեսական խորհուրդի անդամ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յակոբ Եափուճեանը Յետ Մահու Կը Պարգեւատրէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Խմբագրել

Յակոբ Եափուճեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խորունկ սէր ու երկիւղածութիւն ունեցաւ հայ դպրութեան ու մշակոյթին նկատմամբ, յետ մահու անոր շնորհուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:

Աղբիւրներ Խմբագրել