Յակոբ Կրճիկեան (1806, Բերա (Պոլիս) - 14 Հոկտեմբեր 1865, Պոլիս), հանրային հասարակական եւ ազգային գործիչ։

Յակոբ Կրճիկեան
Ծնած է 1806
Ծննդավայր Բերա (Պոլիս
Մահացած է 14 Հոկտեմբեր 1865

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Կրճիկեան Յակոբ Էֆենտին՝ արհեստաւոր Յովհաննէս Կրճիկեանի աւագ որդինէ․ ծնած է 1806-ին Պոլսոյ Բերա թաղին մէջ, եօթ կամ ութ տարեկան հասակին ծնողները զինք ուղարկել են Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ազգային դպրոցը։ Ապա աշակերտած է Չոլախ Ստեփանին‚ Փեշտմալճեան Գրիգորին‚ ֆիզիկոս Պօղոսին։ 1822 թուականին ծնողները զինք կ՛ուղարկեն Պօղոս Պատրիարքին մօտ աշակերտութեան‚ որպէսզի, վարդապետութիւն սորվելով‚ հրաժարի ֆրանսերէն ուսանելու ձգտումէն[1]։ Պօղոս Սրբազանի միիջնորդութեամբ դաստիարակութիւն ստացած է Եզիկեան Յովսէփ վարժապետէն, իր ուսումը կատարալեգործելու համար գացած է Փարիզ, 1835-ին մեծանուն Ռեշիտ փաշայի հետ, թէ՛ իբրեւ թարգման՝ փաշային ու թէ՛ անոր զաւակներուն իբրեւ ուսուցիչ։ Կրճիկեան հոն հետեւած է Սորպոնի դասերուն եւ հետզհետէ զարգացած է, այնպէս որ Ռեշիտ փաշայի միջնորդութեամբ դեսպանատան Բ. Թարգման անուանուած է, այսպէսով սկսած է դիւանագետական ասպարէզը։

Ազգային սահմանադրութեան հաստատման մէջ ամէնէն կարեւոր դեր ունեցողներէն եղած է Յակոբ Կրճիկեան, եւ այդպէսով ժամանակին ամէնէն յառաջընթաց մտաւորականներէն մէկը եղած է։ Գործակցած է հանրային հասարակական եւ ազգային պետութեան միանգամայն, ամիրայական բռնապետութեան առաջին հարուածը տուողը ըլլալով, Օսմանեան կառավաարութեան մէջ ալ իր ունեցած բարձր դիրքին պատճառաւ կրցած է Սահմանադրութեան գաղափարը ներշնշել, ինք զարգացեալ անձ՝ իր ունեցած կարեւոր պաշտօններով Օսմանեան պատմութեան մէջ եւս փայլուն անուն մը թողած է։

1854 թուականին Ռեշիտ փաշայի որդին՝ Մեհմետ Ճեմալ փաշան, կը նշանակուի Փարիզի մէջ դեսպան‚ իսկ Կրճիկեանը՝ անոր տեղապահ։ 1861 թուականին Յ. Կրճիկեան կը հրաժարի պետական գործերէն եւ կը սկսի գրական գործունէութեամբ զբաղիլ։ 1865 թուականի Մայիսին կը վերադառնայ Պոլիս, ուր ալ 1865 թուականի Հոկտեմբեր 14-ին կը մահանայ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Ալպոյաճյան Ա., Ազգային սահմանադրությունը, իր ծագումը եւ կիրառությունը. //Ընդարձակ օրացույց ազգային հիվանդանոցի. 1910:
  • Artinyan V., Osmanlı Devleti‘nde Ermeni Anayasasının Doğuşu, 1839-1863. Ist.: Aras, 2004։