Յակոբ Ս․ Անասեան
Յակոբ Սեդրակ Անասեան (Էսկիշեհիր, 15 Մայիս, 1904- 29 Յունուար, 1988, Լոս Անճելըս): Գիտաշխատող, հմուտ պատմաբան-աղբիւրագէտ, մատենագէտ ու բանասէր:
Յակոբ Ս․ Անասեան | |
---|---|
Ծնած է | 15 Մայիս 1904 |
Ծննդավայր | Էսկիշեհիր |
Մահացած է | 29 Յունուար 1988 (83 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՅակոբ Սեդրակի Անասեան ծնած է Էսկիշեհիր, 15 Մայիս, 1904-ին: Ուսումը ստացած է Վենետիկի Ս. Ղազարի բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ 1947-ին ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան, հաստատուելով Երեւան: 1947-էն պաշտօնի կոչուած է ՀՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիոյ մէջ իբրեւ գիտաշխատող: Միացեալ նահանգներ արտագաղթելով, այցելու դասախօս դարձած է Եու.Սի.Էլ.Էյ. համալսարանի Նարեկացիի անուան հայագիտական ամպիոնին:
Յակոբ Սեդրակի Անասեան մահացած է 29 Յունուար, 1988-ին, Լոս Անճելըս:
Գիտական Աշխատութիւններ նոր Փաստեր՝ արեւմտահայ ազատագրական շարժումներ
ԽմբագրելՅ. Անասեան ամբողջապէս նուիրուած է գիտական աշխատանքի: Ան հանդէս եկած է իբրեւ հմուտ պատմաբան-աղբիւրագէտ, մատենագէտ ու բանասէր: Իր գիտական գործունէութեան ընթացքին, Յ. Անասեան ի յայտ բերած է Ժէ. դարու արեւմտահայ ազատագրական շարժումներու մասին նոր փաստեր:
Գիտական Աշխատութիւններ, Ուսումնասիրութիւններ եւ Հետազօտութիւններ
ԽմբագրելԻր հետազօտութեանց գլխաւոր առանցքը դարձնելով Ժէ. դարու ազգային-ազատագրական շարժումներն ու Լեհ-Թրքական յարաբերութիւններու պատմութիւնը՝ հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ:
Բնագրագիտական Հրապարակումներ
ԽմբագրելՆշանակալից են Յ. Անասեանի բնագրագիտական հրապարակումները: Ան շրջանառութեան մէջ դրած է Բիւզանդիոնի անկման շրջանին եւ Ժէ. դարու Լեհ-Թրքական յարաբերութիւններու պատմութեան վերաբերող հայկական աղբիւրները եւ Վարդան Այգեկցիի Արմատ Հաւատոյ երկը:
Պատմագիտական արժէքաւոր երկեր
ԽմբագրելՅ. Անասեանի գրիչին կը պատկանին պատմագիտական արժէքաւոր երկերը: «Հայկական Մատենագիտութիւն» Ա. հատոր, Երեւան, 1959,
«Հայկական Աղբիւրներ Բիւզանդիոնի Անկման Մասին» Երեւան, 1957,
«Ժէ. Դար Ազատագրական Հայաստանում» Երեւան, 1961,
«Յովհաննէս Կամենացի, Պատմութիւն Պատերազմին Խութինու» Երեւան, 1964,
«Վարդան Այգեկցին՝ իր նորայայտ երկերի լոյսի տակ» Վենետիկ, 1969
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՀայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր ԺԱ., Պէյրութ, 1991, էջ 309