Յակոբ Օգճեան
Յակոբ Օգճեան (ծն․՝ 22 Մայիս 1946, Հալէպ (Սուրիա)), Ատամնաբոյժ, համայնքային գործիչ: Յակոբ Օգճեան քաջածանօթ է Արաբերէնին եւ տիրացած է թարգմանչական արուեստին: Կիլիկեան Մշակութային Միութեան Վարչութեան փոխատենապետ:
| |
Ծնած է | 22 Մայիս 1948 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Կարողութիւն | Արաբերէն լեզուի թարգմանիչ |
Մասնագիտութիւն | Ատամնաբոյժ նաեւ տիրացած է Արաբերէն թարգմանչական արուեստին |
Աշխատավայր | Կիլիկեան ճեմարանի Հոգաբարձութեան Ատենապետ, Ազգային Միութենական Գործունէութիւն |
Ամուսին | Ալին Թարխանեան |
Երեխաներ | Մարիա, Յարութ, Պայքար |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱտամնաբոյժ Յակոբ Օգճեան ծնած է Հալէպ եւ կարճ ժամանակ անց կը տեղափոխուին Րաքքա ուր կը յաճախէ Ազգային Նուպարեան Վարժարան եւ շրջանաւարտ եղած է 1959-1960 տարեշրջանին, բացառիկ յաջողութեամբ: Ապա յաճախած է տեղւոյն Պետական Երկրորդական Վարժարանը, որուն ընթացքը բոլորելով ձեռք ձգած է Սուրիական Պաքալորէա՝ բարձր գնահատականով:
Այնուհետեւ ընդունուած է Դամասկոսի Բժշկական Համալսարանը, որուն Ատամնաբուժական Կաճառը աւարտած է 1974-1975 տարեշրջանին, արժանանալով իր դասախօսներու գովասանքին:
Ապա հաստատած է իր սեփական Ատամնաբուժական կեդրոնը ուր աշխատած է 37 տարիներու ընթացքին մինչեւ ընտանեօք Հայաստան տեղափոխուիլը 2016-ին:
Ատամնաբոյժ Յակոբ Օգճեան կանուխէն մտած է հանրային-հասարակական կեանքէն ներս եւ վարած է պատասխանատու պաշտօններ զարկ տալով Հայանպաստ գործունէութեան:
1975-ին, ան լոյս ընծայած է նաեւ Մանուկներու Ատամնային առողջապահութեան գիտելիքներ, վերտառութեամբ գրքոյկ մը, զոր ներկայացուցած է որպէս աւարտական թէզ՝ արժանանալով D.D.S կոչումին:
Ազգային Միութենական Գործունէութիւն
ԽմբագրելՀայանպաստ գործունէութիւն տարած է եւ կը տանի ատամնաբոյժ Յակոբ Օգճեանը:
Ան կանուխէն մտած է հանրային-հասարակական կեանքէն ներս եւ վարած է պատասխանատու պաշտօններ: Եղած է Ազգային Մշակութային Միութեան եւ Ուրֆայի Վերածնունդ Միութեան Վարչութեան անդամ: Ան մաս կը կազմէ այս վերջնոյն «Գերագոյն Խորհուրդ»-ին:
1960-1970 թթ. իր անձնուէր աշխատանքով լծուած է Ազգային Մշակութային Միութիւն, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն, Ուրֆայի Հայրենակցական Միութիւններուն մէջ:
Ան անդամակցած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակ կուսակցութեան, անոր սոցիալիստական գաղափարաբանութիւնը համապատասխան գտնելով իր ընկերային հաւատամքին:
1992-էն ի վեր ան կը վարէ Կիլիկեան ճեմարանի Հոգաբարձութեան Ատենապետի պաշտօնը, զարկ տալով դպրոցի բարգաւաճման: Ան անդամ է Կիլիկեան Մշակութային Միութեան Վարչութեան, որուն փոխատենապետն է:
Հրատարակչական աշխատութիւններ
ԽմբագրելՅակոբ Օգճեան քաջածանօթ է Արաբերէնին եւ տիրացած է թարգմանչական արուեստին: Ան Արաբերէնի թարգմանած է Լիբանանի հռչակաւոր իրաւագէտ Մուսէ Բրէնսի մէկ պատմական երկասիրութիւնը, որ կը գրէ «ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՈՃԻՐ» խորագիրը, հրատարակուած Կիլիկեան Մշակութային Միութեան կողմէ, դպրոցին 75-ամեակին առիթով:
Պարգեւներ
ԽմբագրելՀՀ նախագահի հրամանագիրով, «հայրենիք-սփիւռք կապերի զարգացմանը բերած նպաստի, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործում ներդրած աւանդի համար» Հայաստանի Հանրապետութեան պետական Մխիթար Հերացիի մետալով պարգեւատրուած է համայնքային գործիչ՝ ատամնաբոյժ Յակոբ Օգճեանը: