Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան
Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան (10 Ապրիլ 1771 - 3 Յունուար 1834), Գազէզ Արթին, Պոլսոյ հայ ամիրաներու ազգանուէր ներկայացուցիչ եւ բարերար։
Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 10 Ապրիլ 1771 |
Մահացած է | 3 Յունուար 1834 (62 տարեկանին) |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | հանրային գործիչ, բարերար |
Յարութիւն Պէզճեան, որ հայոց պատմութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան պատմաբաններուն ծանօթ է Գազէզ Արթին։ Ան յայտնի է իբրեւ բարերար, վաճառական, խորհրդական եւ հիմնադիր Պէզճեան Մայր Վարժարանի եւ Հայոց Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի։[1]
Ծնած է 10 Ապրիլ 1771-ին՝ «Եէնի-Գաբու»ի մէջ, հայրն էր Կարսեցի վաճառական՝ Մահտեսի Պօղոս աղա Պէզճին, որ 1768-ին Պոլիս եկած էր եւ կը զբաղէր կտաւի վաճառականութեամբ։
Պէզճեան, «Գում-գաբու»ի դպրատունը կը յաճախէ։ 1783-ին մետաքսավաճառի մը մօտ կ'աշխատի եւ 1795-ին, հօրը աջակցութեամբ, իր մետաքսավաճառի խանութը կը բանայ։
Յովհաննէս Տիւզեան ամիրային միջնորդութեամբ 1807-էն կ'աշխատի թուրք, արքունի դրամահատարանին մէջ՝ իբրեւ հսկիչ։ Սուլթան Մահմուտ Ժա.-ի անձնական սեղանաւորն ու խորհրդականը կը դառնայ։ Կարեւոր դեր կը խաղայ Թուրքիոյ պետական կեանքին մէջ եւ Կ․Պոլսոյ հայկական համայնքին մէջ (այդ օրերու հայ պատմագրութեան ներկայացուցիչները Պէզճեանի գործունէութեան շրջանը անուանած են «Պէզճեանի դար»)։ Պէզճեան ջանացած է միաւորել Կ.Պոլսոյ առաքելական եւ կաթոլիկ համայնքները, վերացնել անոնց միջեւ տասնամեակներ շարունակուող դաւանաբանական վէճերն ու ընդհարումները։ Այդ պատճառով իր դէմ յարուցած է եւ՝ էջմիածինի, եւ՝ Վատիկանի թշնամանքը։ 1820-ին Կ․ Պոլսոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանի պահանջով աքսորուած է, սակայն 1821-ին ներման արժանացած է եւ նշանակուած Թուրքիոյ դրամահատարանի կառավարիչ, մեծապէս նպաստած երկրի նիւթական-հարկային ձեւի կարգաւորման։ Պէզճեան զգալի դեր խաղացած է նաեւ ենիչերիներու զօրաբանակը վերացնելու (1826) գործին մէջ։ Սուլթանին միջամտութեամբ վերահաստատած է հայոց եկեղեցւոյ իրաւունքները Երուսաղէմի մէջ, կանխած յոյն եւ լատին հոգեւորականութեան ոտնձգութիւնները։ Պէզճեանի ձեռներեցութեամբ ու նիւթական միջոցներով կառուցուած են Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի նոր շէնքը (1823), Մայր եկեղեցին (1829), Ս․ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը[2] (1833), բացուած Բերայի օրիորդաց վարժարանը (1826), Գում Գաբուի մայր դպրոցը (1828), Ս․ Առաքելոց ազգային (1830), Պօղոսեան տղայոց (1832), Վարվառեան օրիորդաց (1832), Թոփ Գաբուի Պէզճեան (1832) եւ չորսդասեայ երկսեռ էյուպեան (1832) վարժարանները, հրատարակուած է Գէոորգ դպիր Պալաթեցի Տէր-Հովհաննիսեանի «Բառարան պարսկերէն ըստ կարգի հայկական այբուբենից» աշխատութիւնը։ Մասամբ հոգացած է Հայկազեան բառարանի հրատարակութեան ծախսերը։
Մահ
ԽմբագրելՅարութիւն Պէզճեանը մահացծ է 3 Յունուար 1834-ին։ Թաղուած է Գում Գաբուի Հայոց Մայր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «History of Bezciyan School»։ Bezciyan School
- ↑ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի կառուցումը