Յարութիւն Տէր Ղազարեան

Յարութիւն Տէր Ղազարեան (1882, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 15 Ապրիլ 1975(1975-04-15)), հայ բժիշկ եւ ուսումնասիրող։

Յարութիւն Տէր Ղազարեան
Ծնած է 1882
Ծննդավայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 15 Ապրիլ 1975(1975-04-15)
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Ս․ Սարգիս եկեղեցիի թաղային վարժարանէն։ 1896-1901 կ’ուսանի Տարսոնի Ամերիկեան քոլեճին մէջ։ 1902-ին կ’անցնի Պէյրութ, ուր կը հետեւի Ամերիկեան համալսարանի բժշկագիտութեան դպրոցի դասընթացքներուն։ Աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Մարաշ եւ կ’աշխատի Գերմանական հիւանդանոցին մէջ, իբրեւ վիրաբոյժ։ Համաշխարհային Ա․ պատերազմի տարիներուն կը դառնայ բժշկապետ եւ Մարաշի թուրք զինուորներու վիրաբուժապետ։ Վերստին կը մեկնի Գերմանիա, ուր կը հետեւի ուսման մասնագիտացման ծրագիրներու։ Ապա կ’անցնի Հալէպ, ուր կը զբաղի բժշկութեամբ։

Աշխատութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ Խմբագրել

Ան կը հետեւի Կիլիկիոյ տեղագրութեան եւ պատմութեան ուսումնասիրութեան։ Բազմաթիւ յօդուածներ կը ստորագրէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ մամուլին մէջ։ Կ’աշխատակցի «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն» հատորին (Նիւ Եորք, 1934), «Մարաշի հայ աշուղներն ու գրագէտները աշխատասիրութեան»։ Ան նաեւ կը պատրաստէ Մարաշ քաղաքին մասին քարտէս մը։ 1966-ին կը հրատարակէ Հայկական Կիլիկիա-տեղագրութիւն-ը։

Աղբիւրներ Խմբագրել