Յաւերժահարս (ամսագիր)
«Հաւերժահարս», գրականութեան, արուեստի եւ գիտութիւններու կիսամսեայ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1862 -ին, Զմիւռնիոյ մէջ (12 համար)։ Տնօրէն-խմբագիր՝ Ս. Փափազեան։ Տպագրած է յօդուածներ գիտութեան եւ արուեստի տարբեր բնագաւառներէ, զուարճալիքներ, նամակներ, զանազան յայտարարութիւններ եւ այլն։ Յատուկ տեղ յատկացուցած է կանանց կրթութեան, կենցաղավարութեան, նորաձեւութեան հարցերուն։ «Յաւերժահարսը» նպաստած է գաղթօջախի մշակութային կեանքի զարգացման։ Հրատարակած է Ուիլիըմ Շեքսպիրի «Վենետիկի վաճառականը» (Կ. Տէտէեանի թարգմանութեամբ), Ղ. Մարկոսեանի «Ալֆրետ ու Եւգինէ» երկը, չափածոյ գործեր, մանրավէպեր։ Աշխատակցած են Տ. Տէտէեան, Մ. Նուպարեան եւ ուրիշներ[1][2]։
Յաւերժահարս Յաւերժահարս | |
---|---|
Տեսակ | պարբերաթերթ |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | Յունուար 1862 |
Երկիր | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Հրատարակման վայր | Իզմիր |
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՅԱՒԵՐԺԱՀԱՐՍ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-13
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»