Յովհաննէս Միւհենտիսեան

Յովհաննէս Գէորգ Միւհենտիսեան ( 21 Փետրուար 1810 - 17 Նոյեմբեր 1891, Կոստանդնուպոլիս), հայ տպարանատէր-հրատարակիչ, գրաձուլիչ, փորագրող, ոսկերիչ, հայկական նոր տպատառերու ստեղծող։

Յովհաննէս Միւհենտիսեան
Ծնած է 21 Փետրուար 1810
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 17 Նոյեմբեր 1891 (81 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն հայ
Ուսումնավայր Սկիւտարի Ճեմարան[1]
Մասնագիտութիւն ոսկերիչ

Չափագետ եւ տոմարագէտ Գէորգ Միւհենտիսեանի որդին։ Աւարտած է Սկիւտարի Վարժարանը։ Աշակերտած է Յ․ Լիմոնճեանին, անոր ղեկավարութեամբ ուսումնասիրած է եւ հայ երաժշտութեան տեսութիւնը, տիրապետած է նոր հայկական ձայնագրութեան։ Միւհենտիսեան, Հայ երաժշտութեան մատուցած է նշանակալից ծառայութիւն, Լիմոնճեանի նոթային համակարգի նշաններու տպագրական ձեւերու ստեղծումով եւ կաղապարներու ձուլումով։ Արիստակես Յովհաննիսեանի հետ պաշտպանած է այդ նոթագրութիւնը, տարածած եւ պրոպականդած է զայն։ Տիրապետած է ոսկերչական արհեստին։ 1839-էն եղած է Սկիւտարի Ս. Երուսաղէմի անուան նորաբաց ճեմարանի տպարանապէտը, 1844—1845-ններուն հիմնած է իր սեփական տպարանը, ապա գրաձուլարան։ Անոր ստեղծած նուրբ ու գեղեցիկ տպատառերը ժամանակին օգտագործուած են ոչ միայն Կ․ Պոլսոյ, այլեւ Թիֆլիսի եւ հայաշատ այլ վայրերու տպարաններուն մէջ։ Իր պատրաստած յատուկ գործիքներով դիւրացած է տառերու ձուլումն ու գրաշարութիւնը։ Կ․ Պոլսոյ երեք թաղամասերուն մէջ հիմնած տպարաններուն մէջ հրատարակած է աւելի քան 200 անուն գիրք, ինչպէս նաեւ «Հայաստան», «Բուրաստան», «Մասիս», «Նոյան աղաւնիի», «Աստղիկ արեւելեան», «Կիլիկիա», «Զեփիւռ հայրենեաց», «Ժամանակ» եւ այլ պարբերականներ։ Մեծ վաստակ ունի նաեւ թուրք, տպագրութեան զարգացման գործին մէջ, որուն համար անուանուած է «Թրքական Կութենպերկ» եւ արժանացած է կառավարական պարգեւներու։ 1847-ին հրատարակած է «Յայտարարութիւն վասն նորակերտ տառիցս» երկը, ուր շարադրուած են անոր հայացքները՝ տպագրութեան արուեստի, տպատառերու եւ իր գործունէութեան սկզբնական շրջանի մասին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
  1. 1,0 1,1 1,2 Հայկական սովետական հանրագիտարանԵրևան: 1981. — հատոր 7. — է. 649.