Յովհաննէս Ոսկեբերան
Յովհաննէս Ոսկեբերան (ոչ վաղ քան 344 եւ ոչ ուշ քան 354, Անտիոք, Coele-Syria, Հռոմէական Կայսրութիւն - 14 Սեպտեմբեր 407, Comana Pontica, Pontus Polemoniacus, Բիւզանդական Կայսրութիւն[1][2]), Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ փայլուն քարոզիչ հայրերէն մին եւ Կոստանդնուպոլիսոյ հայրապետ, պատրիարք, աստուածաբան։
Յովհաննէս Ոսկեբերան յուն․՝ Ἰωάννης ὁ Χρυσόστομος | |
---|---|
| |
Ծնած է | ոչ վաղ քան 344 եւ ոչ ուշ քան 354 |
Ծննդավայր | Անտիոք, Coele-Syria, Հռոմէական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 14 Սեպտեմբեր 407 |
Մահուան վայր | Comana Pontica, Pontus Polemoniacus, Բիւզանդական Կայսրութիւն[1][2] |
Քաղաքացիութիւն | Բիւզանդական Կայսրութիւն |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Letter to Acacius bishop of Melitene? |
Մասնագիտութիւն | աստուածաբան, գրագէտ, սարկաւագ, Քրիստոնեայ հոգեւորական, եպիսկոպոս |
Ծնողներ | մայր՝ Anthusa?[3] |
Ան քրիստոնէական սկզունքներով կը դաստիարակուի մանուկ տարիքէն` իր առաջին ուսուցիչը ունենալով մայրը, որ իր մէջ ցանած է քրիստոնէական հաւատքին սերմը։ Ապա չափահաս տարիքին կը մկրտուի եւ Անտիոքի մէջ կը հետեւի օրէնսդրութեան եւ հռետորութեան, ապա աստուածաբանութեան։
Երիտասարդ տարիքին ճգնութեան կը սկսի եւ այնքան խիստ պայմաներու մէջ կը կատարէ իր ճգնութիւնը, որ 381-ին լուրջ կերպով կը հիւանդանայ։ Նոյն թուականին սարկաւագ կը ձեռնադրուի եւ կը ծառայէ Անտիոքի մէջ։ 386-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ պերճախօս քարոզներուն պատճառաւ կ՛արժանանայ «Ոսկեբերան» կոչուելու։
398-ին, հակառակ իր կամքին, պատրիարք կ՛ընտրուի Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին։ Ան կը վերաշխոյժացնէ քաղաքի հոգեւոր կեանքը, խստօրէն յանդիմանելով ազնուական եւ հասարակ քաղաքացիները։ Ան նոյնիսկ կը յանդիմանէ Եւդոքսիա կայսրուհին` անոր ունեցած անբարոյ կեանքին համար, որուն իբրեւ հետեւանք 403-ին Ոսկեբերան հայրապետ կ՛աքսորուի մայրաքաղաքէն։ Սակայն աքսորման գիշերը քաղաքին մէջ պատահած զօրաւոր երկրաշարժներն ու հրդեհները կը սարսափեցնեն կայսրուհին, որ անմիջապէս ետ բերել կու տայ աքսորեալ հայրապետը։
Ան կը վերադառնայ նոյն խստութեամբ եւ բծախնդրութեամբ, որ պատճառ կ՛ըլլայ երկրորդ աքսորի մը. ան այս անգամ քալելով պիտի երթար մինչեւ Կոկիսոն, ապա Պոնտոս։ Սակայն տառապեալ հայրապետը իր վատառողջութեան պատճառաւ կը նահատակուի ճամբու ընթացքին, Կոմանա քաղաքին մէջ, 407-ին։
Ան նշանաւոր կ՛ըլլայ նաեւ իր մտաւորական գործերով։Կը մեկնէ Աստուածաշնուչը, կը գրէ ս. պատարագը` որուն ազդեցութիւնը նաեւ կը գտնենք Հայ եկեղեցւոյ պատարագամատոյցին մէջ. ան նաեւ ունի բազմաթիւ աղօթքներ, որոնք զանազան տօներու ընթացքին կը կարդացուին եկեղեցւոյ մէջ։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Քրիստոնեայ Հայաստան» Հանրագիտարան