Յովհաննէս Քեաթիպեան

Յովհաննէս Քեաթիպեան (նաեւ՝ Մարգար Յովհաննէս, 1821, Ատրիանապոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 21 Հոկտեմբեր 1882(1882-10-21), Կոստանդնուպոլիս), հայ բժիշկ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, հրապարակախոս։

Յովհաննէս Քեաթիպեան
Ծնած է 1821
Ծննդավայր Ատրիանապոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 21 Հոկտեմբեր 1882(1882-10-21)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, հրապարակախօս, Խմբագիր, հասարակական գործիչ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Անդրիանապոլսոյ մէջ 1821 թուականին եւ զաւակն է Մարգար Քեաթիպեանի, իր նախնական կրթութիւնը տեղւոյն Ազգ. վարժարանին եւ ապա Պոլսոյ մէջ ստանալէն ետք Փարիզ կ՝ուղեւորի, ուր բժշկական համալսարանէն կը ստանայ վկայագիրը։ 1861-ին Պոլիս կը վերադառնայ որով իր համբաւը հետզհետէ կը տարածուի։ Հմուտ եւ հանրածանօթ Տօքթէօրը առաջնակարգ գիրք մը ունեցաւ բժշկական դասուն եւ Ազգային շրջանակի մէջ, 1867-ին երեսփոխան նտրուած է ազգային ժողովի եւ 1867 Նոյեմբեր 8-ին անգամ եղած է Կայս. բժշկական ընկերութեան։ Ազքատասէր ու ողորմած Քեաթիպեան՝ միշտ չքաւոր ու Թշուառ հիւանդաց նախախնամութիւնն էր եւ անոնց դարմանումէն զատ շատ անգամներ դեղը եւ սնունդնին կը հոգար, եւ ատոր համար էր որ հարստութեան հետամուտ չեղաւ։ 1882 Հոկտեմբեր 21-ին մեռած գտնուեցաւ Գատըգիւղի ծովեզերքը։ Սպանման պարաաներու մասին Թէեւ զանազան զրոյցներ խօսուած են, բայց ամէնէն ստոյգ սա է թէ՝ այս ականաւոր եւ ճարտարուեստ բժիշկը անգութ դաւադրութեան մը զոհ դարցած է։ Ահաւասիկ Բժիշկներու քննութեան արդիւնքը, գլխուն վրայ կը տեսնուին մէկ երկու վէրքեր, ուղեցին մէջ արիւն լցուած, ակռաներէն մէկ երկուքը կոտրած, գանկին ետեւը սեւցած, Տր. Միւլիւք կը յայտարարէ թէ «Տքթ. Քետթիպեան սպաննուեր է չնչառութեան արզիլմամբ, հետեւարար սխալ ՝ըսել թէ անձնասպան եղած է։» Նոյնը հաստատեր է նաեւ Բերայի ընդհանուր դատախաղ Միխայիլաքի։ Ուղեղը կչռուելով 1730 կրամ եկեր է, ու բժշկական օրէնքով հազուագիւտ է։ Նոյն ժամանակուան Թերթերը կը գրեն աւելի վերջը թէ քեաթիպեան ոչ Թէ սպաննուած այլ վերջը թէ քեաթիպեան ոչ թէ սպաննուած այլ անձնապան եղած է, ամէն պարագայի մէջ կարժէ որ այդ խորհրդաւոր դէպքը՝ իր բացատրութիւնը ունենայ այս սահմանադրական ժամանակին։ Յուղարկաւորութիւնը շքով տեղի կունենայ 1882 հոկտ. 29-ին խուռն համազգային բազմութեան մը ներկայութեան, որոնց մէջ կ՝ երեւէին ամէն հասարակութիւններէ եկեղեցականներ եւ պետական անձնաւորութիւններ։ Տօքթէօր քիրեաքօ եւ Ռ. Պէրպէրեան դամբանականներ խօսեցան եւ ապա մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերազմանատունը։ Գրիգոր Օտեանի «Ողբ ի վերայ բարեկամին» եւ Ռ.Պէրպէրեանի դամբանականները կը զետեղենք հոս որոնցմով այնքան ճշգրտապէս ներկայացուած է Քեաթիպեան։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Մազմանեան Գ., Դոկտոր Քեաթիպեան, «Անա­հիտ», Փարիզ, Յունուար-Ապրիլ։
  • Զարդարեան Վ., Յիշատակարան (1512-1933), հ. 3, Գահիրէ, 1933։
  • Զարդարեան Վ., Յիշատակարան (1512-1933), հ. 4, Գահիրէ, 1939 (կենսագրականը, մահվան վարկածը)։
  • Մեզպուրեան Ա., Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ, Իսթանպուլ, 1950։
  • Ստեփանեան Գ., Յակոբ Պարոնեան, Ե., 1964։
  • Հայկական սովետական հանրագիտարան, հ. 12, Երեւան, 1986։
  • Նալբանդեան Մ., Երկերի լիակատար ժողովածու, հ. 6, Ե., 1997։
  • Եարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Ստամպուլ, 2001։
  • Փաշայեան Ա.,, Տիտղոսակիր հայեր XV-XIX դարեր, Ե., 2001։
  • Փամուքջեան Գէորգ, Հայերը իրենց կենսագրականներով (թուրքերէն), Ստամպուլ, 2003։
  • Ով ով է։ Հայեր։ Կենսագրական հանրագիտարան, հ. 2, Ե., 2007։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հարություն Մինասյան, Օսմանյան կայսրությունում եւ Թուրքիայի Հանրապետությունում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանության ենթարկված հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։