Յորդանանի Թագաւորական Պահակախումբ

Յորդանանի թագաւորական պահակախումբ, Համզա Իպն Ապտ Ալ-Մութթալիպ (Սայէտ Ալ-Շուհատա), Յորդանանի զինուած ուժերու ստորաբաժանում։ Պահակախումբը Յորդանանի բանակին աւելի փոքր միաւորումներէն է եւ առաջին հերթին պատասխանատու է Հաշիմեաններու թագաւորութեան պահպանութեան եւ պաշտպանութեան։

Յորդանանի թագաւորական պահակախումբին զինանշանը
Յորդանանի թագաւորական պահակագունդը, 1-1-1953

Թագաւորական պահակախումբը տեղակայուած է Ամմանի մէջ։ Պահակախումբը կը կազմուի Յորդանանի արեւելեան ափին գտնուող հաւատարիմ պետուիններէն։ Թագաւորական պահակախումբը պէտք չէ շփոթել թագաւորին թիկնազօրին հետ, որ առաւելաբար ունի արարողական բնոյթ։

Թագաւորական պահակախումբը կը գտնուի թագաւորին անմիջական եւ անձնական վերահսկողութեան տակ։ Գոյութիւն ունի նաեւ թագաւոր Ապտալլահ Բ.-ին յատկացուած յատուկ պահակախումբ մը, որ կը կոչուի «Նորին Մեծութեան Յատուկ Անվտանգութեան Խումբ»։ Յատուկ անվտանգութեան զօրամիաւորը պատասխանատու է թագաւորին նեղ անձնական անվտանգութեան համար եւ համարժէք է Հայաստանի ԱԱԾ-ի պետական պահպանութեան ծառայութեան։ Անվտանգութեան խումբին հրամանատարը թագաւորին եղբայր Արքայազն Ալին է[1][2]։

Թագաւորական պահակախումբի ներկայիս հրամանատարը Ժեներալ Օղլա Ղամմար Ալ Զպոունն է, որ այդ պաշտօնին անցած է Յունիս 2010-ին։

Կազմակերպութիւն

Խմբագրել
  • Գլխամասային գրասենեակ
  • Նորին Մեծութեան Անվտանգութեան խումբ (مجموعة الأمن الخاص لجلالة القائد الأعلى)
  • Մուհամմադիեայ շրջանային խումբ (مجموعة منطقة المحمدية)
  • Ալ-Մաքքար Ալաամիր շրջանային խումբ (مجموعة منطقة المقر العامر)
  • Կրակի վարման խումբ (مجموعة الإسناد الناري)
  • Պատուոյ պահակախումբ (مجموعة حرس الشرف)
  • Թագաւորական թիկնազօր (وحدة الفرسان)
  • Թագաւորական պահակախումբի ուսումնական կեդրոն

Նախկին ղեկավարներ

Խմբագրել

1998-էն մինչեւ Յունուար 2008-ը պահակախումբին հրամանատարը եղած է Արքայազն Ալի պին ալ-Հուսէյնը[2], որմէ առաջ հրամանատարը եղած է Մուսէյն Մաճալին[3]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-10-14-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-22 
  2. 2,0 2,1 «Archived copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-11-22-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-22 
  3. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-07-09-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-22