Յունական Մակեդոնիոյ Դրօշ
Յունական Մակեդոնիոյ դրօշ (յուն․՝ Σημαία της Μακεδονίας), Յունաստանի ամենամեծ երկրամասի՝ Մակեդոնիոյ ազգային դրօշը:
Յունական Մակեդոնիոյ Դրօշ | |
---|---|
| |
Տեսակ | երկրի շրջանի դրոշ? |
Իրաւասութեան տարածք | Մակետոնիա |
Յարաբերութիւն | 3:2 |
Գոյներ | կապոյտ եւ ոսկեգոյն |
Պատկերուած է | դաշտ եւ Վերգինայի աստղ? |
Այն կըներկայացնէ կապոյտ ֆոնի վրայ գտնուող վիրջինեան աստղ՝ ճառագայթող տասնուեց շողերով: Այն կը կիրառուի Յունաստանի Հանրապետութեան երեք ծայրամասերուն մէջ (Արեւելեան Մակեդոնիա, Կեդրոնական Մակեդոնիա եւ Արեւմտեան Մակեդոնիա) եւ անոնց կազմի մէջ մտնող տարածաշրջանային միաւորներուն՝ անուանակարգերուն:
Այն նաեւ յունական մակեդոնացիներու ազգային խորհրդանիշն է: Այս դրօշը կ՚օգտագործուի նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու[1][2][3] ու Աւստրալիոյ համամակեդրոնական շարժումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ առեւտրական-տնտեսական հիմնարկութիւններուն։
Հարաւսլաւիոյ անկումէն եւ Հիւսիսայն Մակեդոնիոյ տարածքին Մակեդոնիոյ Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք նոյն դրօշը, որոշակի փոփոխութիւններով դարձած է նորաստեղծ պետութեան ազգային խորհրդանիշերէն մէկը: Մակեդոնիոյ Հանրապետութեան դրօշի վրայ կապոյտ ֆոնը փոխարինուած է կարմիրով:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համամակեդոնական դաշնութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-12-22-ին։ արտագրուած է՝ 2008-10-25
- ↑ «History of Macedonia»։ Պան-մակեդոնական ցանց։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-10-22-ին։ արտագրուած է՝ 2008-10-25
- ↑ «Մելպուրնի եւ Վիքթորիայի համամակեդոնական դաշնութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-02-01-ին։ արտագրուած է՝ 2008-10-25