Նահապետ Ապտալեան
Նահապետ Ապտալեան (1844, Կիւրին, Սեբաստիոյ նահանգ, Թուրքիա - 1895), հայ բժիշկ։
Ծնած է | 1844 |
---|---|
Ծննդավայր | Կիւրին, Սեբաստիոյ նահանգ, Թուրքիա |
Մահացած է | 1895 |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Կրթութիւն | Նիւ Եորքի բժշկական գոլէճ |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է 1844 թուականին Սեբաստիոյ նահանգի Սեբաստիոյ գաւառի Կիւրինի գաւառակի կեդրոն Կիւրին քաղաքին մէջ։ Սորված է ամերիկացի միսիոներներու Մարզուանի Անատոլիա գոլէճին մէջ, որուն ուսանողները, բացի մի քանի յոյնէ, հայեր էին։ Բարձր յառաջադիմութեամբ աչքի իյնալով՝ շահած է գոլէճի ամերիկացի տնօրէնի համակրանքը եւ անոր հոգածութեամբ մեկնած՝ ԱՄՆ-ի Քոնեքթիքըթ նահանգի «Հարթֆորթ» քաղաքի աստուածաբանական դպրոցէն ներս ուսանելու, զոր նաեւ աւարտած է բարձր յառաջադիմութեամբ։ 1877 թուականին Հարթֆորդի մէջ ձեռնադրուած է քարոզիչ եւ ստացած՝ ամերիկեան քաղաքացիութիւն։ Այս տարիներուն սորված է Նիւ Եորքի բժշկական գոլէճին մէջ ու հմտացած է վիրաբուժութեան ճիւղին մէջ։ 1879 թուականին աւարտելով բժշկական կրթութիւնը՝ վերադարձած է Թուրքիա։ 1882 թուականին Պրուսայի նահանգի կոմիդիոյ գաւառակի կեդրոն Նիկոմիդիա (Իզմիթ) քաղաքին մէջ ամուսնացած է օրիորդ Հայկանոյշ Պէյազեանի հետ, այնուհետեւ կրկին մեկնած է ԱՄՆ ու իր մօտ հրաւիրած՝ կնոջը։ 1884 թուականին՝ Կիւրին քաղաքի կառավարութեան մասնաւոր հրաւէրով, վերադարձած է Թուրքիա եւ հաստատուած՝ ծննդավայրի մէջ։ 1884-1895 թուականներուն, Ամերիկեան Պորտի միսիոներ եւ կառավարական բժիշկ նշանակուած՝ Կիւրինի մէջ։
Սպանութիւն
Խմբագրել1895 թուականին, օր մը թուրքերը Կիւրինի հայկական տուներու վրայ յարձակած են, որոնց կարգին՝ իրենց լաւ ծանօթ բժիշկ Նահապետ Ապտալեանի տան վրայ։ Բժիշկի կինը՝ զաւակներուն հետ, փախած ու ապաստանած է հայոց եկեղեցւոյ մէջ։ Բժիշկին նախօրոք, վիրաբուժական գործողութիւն կատարելու պատրուակով, հրաւիրած են կառավարչատուն, ուր անոր մտերիմ թուրք ոստիկանը սպանած է զինք թունաւոր գնդակով՝ 51 տարեկան հասակին։ Այդ ահաւոր օրերէն յետոյ տիկին Հայկանոյշ, մեկնելով Կոստանդնուպոլիս՝ ԱՄՆ-ի հիւպատոսի միջոցով, բողոք յղած է Թուրքիոյ կառավարութեան՝ ԱՄՆ քաղաքացի ամուսինի սպանութեան համար եւ յաջողութեամբ փոխհատուցում ստացած։ Յետագային տիկին Հայկանոյշ Ապտալեան, զաւակներուն հետ տեղափոխուած է ԱՄՆ, ուր անոր դուստրը՝ Զապէլ Ապտալեան, ստացած է բժշկական կրթութիւն։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։