Նատալիա Ամիրխանեան-Մուրատեան
Նատալիա Ամիրխանեան (1862-1921) ծանօթ է որպէս հայ յեղափոխական գործիչ։
Նատալիա Ամիրխանեան-Մուրատեան |
---|
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆատալիա Ամիրխանեան ծնած է 1862-ին Երեւանի մէջ ունեւոր եւ կիրթ ընտանիքի մը մէջ։ Փոքր տարիքին ընտանիքոխ կը փոխադրուին Թիֆլիս։ Դեռ Օրիորդաց Գիմնազիայի աշակերտուհի, կ՚անդամակցի «Նարոդնայա Վոլիա»յին եւ 1882-ին թամարա եւ Ժենիա Ադամեաններուն հետ կ՚աշխատին հայկական յեղափոխական մարմիններու մէջ։ Ան նաեւ կ՚անդամանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ ձուլումի պայքարելու համար կը սկսի սորվեցնել Հայ լեզուն եւ գրականութիւն եւ օտար շրջանակներու մէջ հայկական գիրքեր կը տարածէ։
Նատալիա կ՚ամուսնանայ բժիշկ Մուրատեանի հետ։ Խորհելով թէ ժողովուրդին աւելի օգտակար կ՚ըլլան եթէ գաւառներուն մէջ գործեն, անոնք կը սկսին շրջիլ տարբեր տեղեր եւ վերջապէս կը հաստատուին Ղարաքիլիսէ։ Տարիներ անընդհամ Ղարաքիլիսէի ՀՅԴ-ի կոմիտէի անդամ էր եւ իր տունը կեդրոն դարձած էր Ղարաքիլիսէ ապաստանող կամ անկէ անցնող յեղափոխական գործիչներու համար։ Երբ թուրքերը Ղարաքիլիսէ մտան եւ ձերբակալեցին մեծ թիւով աղջիկներ, անոնք փրկուեցան շնորհիւ Նատալիայի անձնական բարեկամութիւններու թուրք ազդեցիկ մարդոց հետ։ Սակայն երբ համայնավարները մտան Ղարաքիլիսէ, Վաթսունամեայ Նատալիային եւ մեծ թիւով մարդոց բանտ նետեցին իբրեւ վտանգաւոր դաշնակցական գործիչ։ Թէեւ Նատալիա կ՚ըլլայ միակ աղջիկը բանտին մէջ ան երբեք չի կորսնցնէր իր յոյսը։
16 Փետրուար, 1921-ին Համայնավարները բանտ կը խուժեն եւ կը սկսին կոտորել բանտարկեալները։ Նատալիան եւ Դաշնակցական ուսանող Գ. Կիրակոսեան կը գնդակահարուին կողք-կողքի։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման մէջ, Սոնա Զէյթեան