Նաւակատիքը կը կիրարկուի երկու հիմնական իմաստով:

Նաւակատիքը կը կիրարկուի երկու հիմնական իմաստով: Ըստ առաջինին՝ «նաւակատիք» կը նշանակէ նոր կառուցուած եկեղեցւոյ մը կամ շինութէան մը նուիրագործման ու բացման հանդիսութիւնը: Իսկ ըստ երկրորդին՝ նաւակատիքը տաղաւար տօներուն նախընթաց օրն է՝ նախատօնակը, որմէ ետք կը մեղմանայ նաեւ տաղաւար տօներուն նախորդած շաբաթապահքը:

Նաւակատիքի Պահքը Հայոց Մէջ

Նաւակատիքի պահքը հայոց մէջ ուշ շրջանին հաստատուած է: Անիկա հիմնական պահքէն կը տարբերի անով, որ եթէ հիմնական պահքին համար սահմանուած է անասնական ծագում ունեցող սննդատեսակներէն եւ ոգելից ըմպելիներէն հրաժարիլը, ապա Նաւակատիքին պահքը կը մեղմանայ եւ թոյլ կը տրուի օգտագործել կաթնեղէն եւ հաւկիթ: Աւելի ուշ նաւակատիքի պահքին թոյլատրուած են նաեւ ձուկը եւ գինին:

Պահքի ընթացքին անթոյլատրելի սննդատեսակներու մասին ամէնէն վաղ վկայութիւնը կը գտնենք սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուամբ աւանդուած «Յաճախապատում ճառք»ին մէջ, ուր կ'ըսուի, թէ պահքի ընթացքին պէտք է զգուշանալ միսէն եւ գինիէն: Ե. դարուն Հովհան Ա. Մանդակունի հայրապետը միսին եւ գինիին կ'աւելցնէ անասնական ու բուսական սննդատեսակներ:

Մեծ պահքի եւ ծիսական փոփոխութիւններու հարցերը քննարկելու համար հայերը քանիցս ժողովներ կը գումարեն թէ՛ Կիլիկիոյ, թէ՛ Հայաստանի արեւելեան մասին մէջ, որոնց ընթացքին օտար սովորութիւններուն դէմ կ'արտայայտուին: Եկեղեցիներու միութեան փորձերուն ընթացքին Արեւելեան վարդապետները հանդէս կու գան Հայ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը պաշտպանող թուղթերով: 1302-ին գրուած «Հակաճառութիւն ընդդէմ երկաբնակաց» ծիսադաւանաբանական երկին մէջ Ստեփանոս Օրբելեան կը տրտմի, որ «օտար սերմեր ընձիւղուած են մեր անդաստաններուն մէջ», եւ Թորգոմի ազգը կը պախարակէ Մեծ ճրագալոյցի նաւակատիքը՝ ձէթով, ձուկով եւ գինիով: Ան Նաւակատիքին ուտեստը կը համեմատէ դրախտի արգելքին հետ: Նաւակատիքը ո՛չ կատարեալ ուտիք է, ո՛չ ալ՝ կատարեալ պահք, այլ անոնց միջեւ: Ուստի պահքը կարելի է թեթեւցնել, բայց ոչ ամբողջութեամբ վերացնել. չպահել այնպէս խիստ, ինչպէս յոյները կը պահանջեն, եւ չարձակել ու միս ուտել: Ս. Ծննդեան եւ Յարութեան Տօներուն Նաւակատիքը պէտք չէ հաւասարեցնել պահոց միւս օրերուն։

Մխիթար Գոշ կը շեշտէ, որ հայերուն, յոյներուն եւ վրացիներուն ծիսական, նաեւ պահոց առանձնայատկութիւնները հերձուածողութեան պատճառ չեն: ԺԳ.-ԺԴ. դարերուն գործած նշանաւոր հայրեր Յովհաննէս Երզնկացի Պլուզը, Եսայի Նչեցին եւ Կիրակոս Երզնկացին դէմ կ'արտայայտուին պահքի ընթացքին ձուկ կամ գինի օգտագործելուն եւ կը վերահաստատեն Նաւակատիքին մսեղէն, նաեւ ձուկ չուտելու կարգը: Գրիգոր Տաթեւացին տարուան օրերը երեք խումբի կը բաժնէ՝ կարծես սահմանելով եկեղեցական օրացոյցին սննդային կարգաւորումները ուտիք (կերակուրն է մսեղէնը), պահք (կերակուրն է բանջարը՝ ընդով ու պտուղով) եւ Նաւակատիքը (կերակուրներն են ձուն, ձէթն ու կաթը)։ Այսպիսով, բուսական սննդատեսակները կը սահմանուին պահքի, անասնականը՝ ուտիքի, իսկ կթեղէնը՝ Նաւակատիքի համար: Հայոց Եկեղեցին կը սահմանէ Նաւակատիքի պահքը: Սակայն Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, նաեւ ԺԹ. -Ի. դարերուն ազգագրական սկզբնաղբիւրները կը վկայեն, որ Նաւակատիքին ձկան գործածումը, այնուամենայնիւ, մուտք գործած է հայոց կենցաղին մէջ:

Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան Տօներուն Նաւակատիք կ'ըլլայ նախորդ օրերու Ճրագալոյցին Պատարագէն ետք, իսկ Վարդավառին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման եւ Խաչվերացի Տօներուն Նաւակատիքը կը սկսի Տօներուն նախորդող շաբաթ օրուան առաւօտեան Պատարագէն ետք: Պահքը վերջնականապէս կը լուծուի Տօնին Պատարագէն ետք[1]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել